«Զարմանազան» 2020ը՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալփեան լեռներու շրջանին մէջ, 12 Յուլիսէն 7 Օգոստոս։ Անիկա պիտի ունենայ նոյն ժամանակ երեք բաղադրիչներ.
ա. 10էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ստեղծագործական ծրագիր մը.
բ. 18էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ստեղծագործական յայտագիր մը.
գ. Խտացեալ համալսարանական ծրագիր մը՝ ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն։ Անիկա վաւերացուած է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (Ինալքոյին) կողմէ:
Պատանիները եւ երիտասարդները պիտի մասնակցին իրենց տարիքին համաձայն՝ զանազան աշխատանոցներու, որոնց կարգին՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, երաժշտական եւ մարմնային արտայայտութեան զարգացում, թատերական խաղեր, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային եւ մարզական խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ:
Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին, յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ղեկավարութեամբ:
«Զարմանազան»ը բաց է Սփիւռքի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար: Տրամադրելի տեղերու թիւը սահմանափակ է:
Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ հետեւեալ պարագան. երիտասարդներու խումբին մասնակցողները պէտք է գիտնան առնուազն միջին մակարդակի հայերէն:
Իսկ համալսարանական խտացեալ ծրագիրը, զոր պիտի վարեն մասնագէտ դասատուներ՝ կ՛ընդունի միայն 15 ուսուցիչներ: Ծրագիրը կ՛առաջարկէ մանկավարժական այժմէական մօտեցումներու եւ առարկաներու վրայ հիմնուած դասախօսութիւններ եւ խմբային աշխատանքներ:
Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէ՛ք www.gulbenkian.pt/armenian-communities կայքէջը:
Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուած ըլլան մինչեւ 19 Յունուար 2020, Կրինիչի ժամով երեկոյեան ժամը 11ին:
Բոլոր արձանագրուողներուն հետ կապ պիտի հաստատենք 6 Փետրուար 2020ին:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 2017ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին՝ իբրեւ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրին մէկ բաժինը: Անիկա կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային հիմնարկին համագործակցութեամբ։
«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարզանքներու նախարարութեան կողմէ: