ՊՈԼԻՍ.- Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին, Կեդրոնական Սանուց միութեան սրահին մէջ ոգեկոչուեցաւ Երուանդ Օտեանը, որուն ծննդեան 150ամեակը լրացաւ այս տարի։
Ձեռնարկըը իր ներկայութեամբ պատուեց կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Լեւոն արք. Զէքիեան։ Բացման խօսքը արտասանեց երգչուհի Մարալ Չաղլըչուպուքճու, որ ամփոփ տողերով ներկայացուց Օտեանի կեանքը։ Ապա Արամեան Սանուց միութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու հրաւիրեց օրուան երեք բանախօսները, որոնք ծանօթացուցին Օտեանի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնները, նորատիպ «Հայկական Տիասփորա» հատորը՝ թրքերէնով։
Վերջաւորութեան ներկայացուեցաւ Օտեանի «Զաւալլը» խորագիրով երգիծապատումին մէկ արարով թատերախաղը։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»