ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, Շաբաթ, 18 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ Փիթըր Ֆրենքի համադրած խմբային իւրայատուկ ցուցահանդէսի մը բացումը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 26 Փետրուար։
Տարբեր ոճի ստեղծագործութիւններով սոյն ցուցահանդէսին կը մասնակցին մօտաւորապէս 30 արուեստագէտներ, ներառեալ՝ Չարլզ Արնոլտի, Ֆաթեմա Պըրնզ, Գագօ, Կայ Տիլ, Րաֆֆի Քալենտարեան, Սիւզեն Սոմեր, Ռաֆայէլ Սերանօ, եւ Լորի Եահիա: Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 216 S. Louise Street, Glendale, CA 91205: Ցուցադրասրահը բաց է Երեքշաբթիէն Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 11էն 5, իսկ Շաբաթ օրերը՝ կ.ե. ժամը 12էն 5: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.tufenkianfinearts.com կայքը, www.facebook.com/tufenkianfinearts կայքէջը կամ դիմել (818) 288-4635 թիւին: