ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին եւ տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն՝ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, Ազգային առաջնորդարանը անգամ մը եւս ողողուեցաւ ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ՝ ի տես Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի առաջին կարգի աշակերտներու այցելութեան։
Երկու խումբի բաժնուած 110 աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, հայերէն դասաւանդող ուսուցչուհիներուն, խումբ մը ծնողներու եւ մեծ ծնողներու, հիւրընկալուեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին ներկայ էին Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան։
Մանուկները նախ առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն հետ միասնաբար արտասանեցին Տէրունական աղօթքը։ Ապա, անոնք առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր ներկայացուցին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ իրենց պատրաստած մանկաշունչ եւ տպաւորիչ յայտագիրը։
Աշակերտները յայտագիրը սկսան սրտագին խոստումով մը, որուն ընդմէջէն կ՛արտայայտէին իրենց սէրը մայրենի լեզուին, հայրենիքին, եկեղեցւոյ եւ կրօնքին նկատմամբ։ Անոնք յայտնեցին, որ արժանի զաւակներն են Մեսրոպ Մաշտոցի եւ արժանաւոր յաջորդները մեր հերոսներուն։ Իրենց սորված երգերը եւ արտասանութիւնները ներկայացնելով՝ անոնք մէջ ընդ մէջ դիպուկ մէջբերումներ կատարեցին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան մասին մանրապատումներէ, յատկապէս շեշտելով, որ անոնք եկած էին շնորհաւորելու առաջնորդին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը։
Աւարտին, առաջնորդը իր պատգամը ուղղեց եւ առանձնաբար գնահատեց աշակերտներուն մատուցումը եւ ուսուցիչներուն ու ծնողներուն աշխատանքը, նշելով, որ այս յայտագիրը իր Նոր Տարուան առաջին եւ ամէնէն թանկագին նուէրն է, իսկ իրենց ներկայութիւնը իր սիրտն ու հոգին նոր կեանքով եւ ուրախութեամբ կը լեցնէ։ Ան զանոնք նմանցուց հրեշտակներու, որոնք բոլորն ալ կը վայելեն Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ պահպանութիւնը։ Այնուհետեւ, ան մաղթեց, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, երկինքի աստղերը լուսաւորեն յառաջիկայ տարուան իւրաքանչիւր օրը եւ հաւատք, յոյս ու սէր տարածեն բոլորի հոգիներուն եւ յարկերուն մէջ՝ հեռու ամէն տեսակի վտանգներէ եւ տագնապներէ։
Այս առիթով, աշակերտները յուշանուէրներ յանձնեցին առաջնորդին, որ իր կարգին, մանուկներուն նուիրեց Յիսուսի Ս. Ծննդեան դրուագը ներկայացնող պատկերներ։