ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 7 Մարտին, կ.ա. ժամը 11ին տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքին տարեկան չորրորդ մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկը, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը դասաւանդող շարք մը ուսուցիչներ:
«Յատկապէս այս տարի, երբ կը տօնենք Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունումը Քոնկրեսին կողմէ, այս ձեռնարկը աւելի զգացական եւ յիշատակելի պիտի ըլլայ։ Նշեալ բանաձեւը շեշտեց Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը, ապագայ ցեղասպանութեանց կանխարգիլման պայքարին մէջ։ Այս ձեռնարկը լաւ առիթ մը պիտի ըլլայ տօնելու իրենցմէ պահանջուածէն աւելին կատարող տիպար ուսուցիչներուն իրագործումները», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան:
Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքէն հանրային վարժարաններու մէջ օրինակելի ձեւերով Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդող ուսուցիչները քաջալերելու նպատակով հաստատուած այս մրցանակին թեկնածուներ կարելի է առաջադրել մինչեւ 25 Յունուար 2020, այցելելով
www.ANCAWR.org/nominate կայքէջը:
Նշեալ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի De Luxe սրահին մէջ:
Տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան առիթներուն ծանօթանալու համար՝ այցելել www.ANCAWR.org/luncheonrsvp կայքէջը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին. իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝
www.ANCAWR.org/luncheon կայքէջը: