ԿԼԵԼՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Ուսուցիչներու միութիւնը յայտարարեց, թէ որոշած է զօրակցիլ Լենըրտ Մանուկեանի ընտրապայքարին։ Մանուկեան թեկնածու է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Մարտ 3ին:
«Տասնամեակներէ ի վեր, Լենըրտ Մանուկեան իր գործունէութեամբ ցոյց տուած է, որ նեցուկ կը կանգնի աշխատաւորական միութիւններուն եւ տարբեր յանձնաժողովներու մէջ աշխատելով յատկանշական փորձառութիւն ձեռք ձգած է», կը յայտնէ Կլենտէյլի Ուսուցիչներու միութեան նախագահ Թալին Արսէնեան, բացատրելով միութեան որոշումը։
Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան, իր անձին հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան համար։
Մանուկեան Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան գործօն անդամներն է եւ նախկին ատենապետն է Կլենտէյլ քաղաքի Ծրագրումի յանձնաժողովին եւ անոր 11 տարիներու անդամը: Մանուկեան երկար տարիներ կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցած է քաղաքի զանազան կազմակերպութիւններու միջոցաւ:
Մանուկեանի ընտրարշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ www.Leonard2020.com կայքը: