ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Տուրստատ»ը գրած է ԱՊՀ երկիրներու մայրաքաղաքներու գլխաւոր տօնածառերուն բարձրութիւններուն մասին: Ամենաբարձրը Աշխապատի գլխաւոր տօնածառն է՝ 40 մեթր, երկրորդը՝ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղադրուած տօնածառը՝ 37 մեթր բարձրութեամբ: Եռեակը կ՛եզրափակէ Թաշքենտը՝ 36 մեթր բարձրութիւն ունեցող տօնածառով:
Տասնեակին մէջ է նաեւ Պաքուն (34 մ.), Մինսկը (30 մ.), Տուշանպէն (29 մ.), Մոսկուան (27 մ.), Պիշկեքը (27 մ.), Նուր Սուլթանը (25 մ.) եւ Քիշինեւը (20 մ.):
Մոսկուայի՝ 27 մեթր բարձրութիւն ունեցող տօնածառը, որ տեղադրուած է Քրեմլինի տաճարի հրապարակին վրայ, ԱՊՀ մայրաքաղաքներուն մէջ տեղադրուած միակ բնական եղեւնին է:
Նշենք, որ Երեւանի գլխաւոր տօնածառին լոյսերը վառեցան Դեկտեմբեր 21ին: