
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Տոքթ. Կարօ Արմէնի գլխաւորած Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի (COAF) 16րդ տարեկան ընթրիքին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14ին, հանգանակուեցաւ աւելի քան 6 միլիոն տոլար, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է կազմակերպութեան համար, որ գումարը պիտի յատկացնէ Հայաստանի 51 գիւղերուն մէջ հիմնադրամի ձեռնարկած կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացման եւ յատկապէս Լոռի մարզին մէջ արդի արհեստագիտութեամբ հարուստ կրթական SMART կեդրոնին կառուցումը աւարտելու նախաձեռնութեան։
Այս տարուան ձեռնարկին հանդիսավարն էր Լոս Անճելըսի «Ֆաքս» կայանի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան, մինչ աւանդաբար այդ պարտականութիւնը ստանձնած ամերիկահայ դերասանուհի Անտրէա Մարթին, որ այս տարի չէր կրցած ներկայ ըլլալ, տեսանիւթով մը իր պատգամը յղեց ներկաներուն։
Երեկոյթին ընթացքին կազմակերպութեան «Մարդասիրական մրցանակ»ը շնորհուեցաւ Լոս Անճելըսէն տէր եւ տիկին Զարիկ եւ Ճեք Եուրէճեաններուն, որոնք ոչ միայն տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնին Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամին, այլ նաեւ բարեսիրական ծրագիրներ կ՛իրականացնեն Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ եւ Լոս Անճելըսի անտունիներուն ի նպաստ։
Ելոյթ ունեցողներուն շարքին էին «Հըրսթ» հիմնարկութեան ղեկավար Տանա Քալայճեան Լականի եւ արուեստագէտ Հրուշ Աճէմեան, որոնք դրուատեցին Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամին գործունէութիւնը։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցաւ Հայաստանէն այդ նպատակով ժամանած 16ամեայ ջութակահար Քրիսթինա Զաքարեան։ Ներկայ էին նաեւ 18ամեայ Սաթենիկ Պետրոսեան եւ Մանուշակ Աւագեան, որոնք շրջանաւարտ են Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի հովանաւորած վարժարաններէն։ Անոնցմէ առաջինը այժմ կը մասնագիտանայ Թեքսասի մէջ, իսկ երկրորդը քաղցկեղի մասնագէտ մըն է։
Ձեռնարկին մասնակիցները նաեւ վայելեցին աշխարհահռչակ դաշնակահար եւ յօրինող Տիգրան Համասեանի եւ թաւջութակահար Արտեոմ Մանուկեանի իւրայատուկ կատարումները։
Նշենք, որ կազմակերպութեան SMART կեդրոնները կը հանդիսանան գիւղական շրջաններու երեխաներուն կրթական արդի ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններ, ուր կը տրամադրուին անգլերէնի, արհեստագիտութեան, արուեստի, երաժշտութեան, առողջապահութեան, մարմնամարզի եւ արդի հողագործութեան դասընթացքներ:
Այս է Հոգին, Հայու Հոգին.
Կեցցեն նուիրատուները եւ կազմակերպողները: Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը անկարող եղած մինչեւ այսօր ամբողջ ամերիկաներու մէջ անոր կէսին չափ հանգանակել: