ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Այս տարի, 2020ին, հայ ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, արժանավայել շուքով եւ արդար հպարտութեամբ, պիտի նշէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական, քաղաքական-հասարակական ականաւոր գործիչներէն Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ կաթողիկոսի ծննդեան երկու հարիւր ամեակը:
Հայ ժողովուրդը, քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ի վեր, հոգեւոր եւ ազգային գործիչներ ունեցած է, որոնք իրենց հիասքանչ գործերով մեր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի լուսաշող աստղեր եղած են: Անոնց անունները ոսկէ տառերով գրուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ:
Անոնցմէ մին է Ամենայն հայոց շնորհազարդ, կորովի կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկը: Ան իր ծաւալած վիթխարի ծառայութիւններով, մեր ժողովուրդի վերջին երկու դարերուն յաւերժութեան ճամբան բացաւ, իսկ իր օրինակելի կեանքով՝ ջահաւորեց մեր ողջ հայութեան կեանքը:
Խրիմեան Հայրիկ եղած է ուսուցիչ, հրապարակագիր, վարդապետ, եպիսկոպոս, Վանի Վարագայ վանքի եւ Տարօնի Ս. Կարապետ վանքի վանահայր, եղած է Պոլսոյ պատրիարք, ծառայած է Երուսաղէմի Սուրբ աթոռէն ներս, եւ ի վերջոյ՝ Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց հայրապետ:
Խրիմեան Հայրիկ ծնած է Վանի Այգեստան քաղաքը, 4 Ապրիլ 1820ին։ Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ իր հայրը, կը մեծնայ իր հօրեղբօր խնամքին տակ:
27 տարեկանին, երբ ամուսնացած էր Մարիամ Սիվիքեանի հետ եւ մէկ զաւակ ունէր, Վանէն անցած էր Պոլիս՝ Եւրոպա մեկնելու եւ բարձրագոյն ուսում ստանալու համար: Նիւթական պատճառներով չկրցաւ այս երազը իրականացնել եւ Պոլսոյ մէջ գործեց որպէս ուսուցիչ:
Պոլսոյ մէջ էր, որ կը կորսնցնէր իր մայրը, կինը եւ մէկ հատիկ աղջիկ զաւակը: Խրիմեան Հայրիկի վրայ շատ ծանր կը ճնշէին այս կորուստները:
1853ին կը վերադառնայ իր ծննդավայր Վան եւ կ՛որոշէ վանական ըլլալ: Աղթամարի վանքին մէջ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ վարդապետ: Խրիմեան վարդապետ շատ արթուն եւ պայծառ միտքի տէր էր, խանդավառ, ուսումնատենչ եւ սրախօս հոգեւորական:
1854ին, հոգեւորական իր լայնածաւալ աշխատանքի կողքին, կը սկսի գրական եւ հասարակական գործունէութեան:
1855ին Վանի մէջ կը ձեռարկէ «Արծուի Վասպուրական» ամսաթերթը, որուն հրատարակութիւնը գաւառի հայութեան համար նորութիւն մըն էր՝ իր բովանդակութեամբ եւ հայկական ոգիի դրսեւորումով: Թերթը շատ սիրուեցաւ ժողովուրդին կողմէ:
1862ին կ՛ընտրուի վանահայր Տարօնի Ս. Կարապետ վանքի: Այդ տարիներուն թերթին անունը կը փոխէ եւ կ՛ըլլայ «Արծուիկ Տարօնոյ»։ Թէ՛ Վարագայ եւ թէ Ս. Կարապետ վանքերու վանահայրութեան շրջանին, բազմաթիւ դպրոցներ բացաւ, եկեղեցիներ կառուցեց եւ գիրքեր հրատարակեց:
1869ին կ՛ընտրուի Պոլսոյ պատրիարք: Հոն եղած շրջանին, իր յաճախակի քննադատութիւններուն, յանդուգն եւ կորովի գործելակերպին պատճառաւ, թրքական իշխանութիւնները զինք Երուսաղէմ կ՛աքսորեն:
1878ին, Պոլսոյ պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի կարգադրութեամբ, Խրիմեան Հայրիկ, Մինաս Չերազի եւ Նարպէյի ընկերակցութեամբ կը մեկնի Պերլին, իբրեւ հայկական պատուիրակութեան նախագահ:
Այդ պատուիրակութեան նպատակն էր Պերլին երթալ, հոն տեղի ունեցած մեծ տէրութեանց ժողովին ներկայանալ եւ անոնցմէ խնդրել, որ իրականացնեն հայկական նահանգներու բարեկարգութեանց, Սան Ստեֆանոյի մէջ մեծ տէրութեանց ժողովի 16րդ յօդուածով առնուած որոշումին գործադրութիւնը: Յայտնի է համայն հայութեան, թէ մեծ պետութիւններ, քաղաքական մութ հաշիւներով եւ Ռուսիոյ դէմ քայլ մը առնելով, Պերլինի մէջ 16րդ յօդուածը փոխարինեցին 61րդ յօդուածով, որուն հիման վրայ եւրոպական վեց պետութիւններ պիտի հսկէին հայկական գաւառներու բարենորոգման աշխատանքները, փոխանակ միայն Ռուսիան ընէր այդ գործը:
Պոլիս վերադարձին Խրիմեան Հայրիկ ժողովուրդին կը պատմէ ժողովին մանրամասնութիւնները, պատահած խեղկատակութիւնը եւ «Երկաթեայ շերեփ» հանրածանօթ առածը:
Մէկ կողմէն Խրիմեան Հայրիկ կը յայտնէ այդ ժողովին իր յուսախաբութիւնը, միւս կողմէն՝ հայ ժողովուրդին կը յորդորէ, որ հոգեփոխուի եւ գիտնայ արժէքը զէնքի ուժին եւ ինքնապաշտպանութեան:
Խրիմեան Հայրիկի անձին, հոգեւորականին, հայրենասէրին եւ ազգասէրին մասին հիացմունքով արտայայտուած են իրեն ժամանակակից մտաւորականներ եւ գործիչներ, իսկ ժողովուրդը պաշտամունքի հասնող սէր եւ յարգանք ունէր «Հայրիկին» հանդէպ: Այսպէս Աւետիս Ահարոնեան կը գրէ. «Խրիմեան այս օրինական հոգեւորականը մէն մինակ մի խորունկ խորհուրդ է: Անոր կեանքը, նիստ ու կացը, հագուելու եղանակը, նրա կերակուրը անգամ (հռչակաւոր թանի ապուրը) անսահման սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր ժողովուրդին մօտ: Նրա ամէն մի խօսքը անքննադատելի եւ վսեմ պատգամ է»:
26 Սեպտեմբեր 1893ին, Էջմիածինի մէջ ձայներու միաձայնութեամբ զինք Ամենայն Հայոց կաթողիկոս կ՛ընտրեն:
Իսկ հայ ազատագրական շարժման ձեւաւորման եւ գաւառի հայութեան զարթօնքի գործին մէջ իր անփոխարինելի դերը կատարած է Խրիմեան Հայրիկ, որուն որպէս հետեւանք Վանի մէջ ծնունդ առին «Սեւ Խաչ», «Պաշտպան Հայրենեաց» եւ «Արմենական Կուսակցութիւն» ինքնապաշտպանական ջոկատները:
Կարելի չէ գրել Խրիմեան Հայրիկ կաթողիկոսին մասին, առանց յիշելու, թէ ան հակառակ իր արտակարգօրէն զբաղած ըլլալուն, բազմաթիւ գրութիւններ եւ հատորներ ունի, որոնց մէջ կ՛անդրադառնայ հողի սիրոյն, հայ ընտանիքի գաղափարին, հայ աւանդութեանց պահպանման, հօր եւ զաւակի յարաբերութիւններուն, Յիսուսի վերջին շաբթուան (Աւագ շաբաթին), խաչի ճառին, ժամանակին եւ խորհուրդին մասին:
Խրիմեան Հայրիկ կը հաւատար, թէ՝ «աշխարհի մեծագոյն մարգրիտը Աւետարանն է, առանց Աւետարանի առաջնորդութեան ուրիշ ուղիղ ճանապարհ չկայ»:
Ունի նաեւ «Հայ Գոյժ» եւ «Վան Գոյժ» երկու նշանաւոր գործերը, որոնք կը պատկերեն թրքահայութեան եւ Վանի հայութեան աղէտները:
Խրիմեան Հայրիկի գլուխ գործոցը կը նկատուի «Պապիկ եւ Թոռնիկ» գործը, ուր պապիկը իր թոռնիկին կը փոխանցէ հայկական հողին սէրը, ընտանեկան սրբութիւններուն եւ աւանդութեանց պաշտամունքը:
1929ին Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուեցաւ հսկայածաւալ հատոր մը, որ կը պարունակէ Խրիմեան Հայրիկի գրական ամբողջական գործերը:
Խրիմեան Հայրիկի ժամանակակիցները կը վկայեն, թէ ան ինքզինք հոգեւորականի չափ բանաստեղծ կը համարէր: Խրիմեան աննման Հայրիկ արտաքինով, փարթամ հասակով, առնական գեղեցկութիւն ունէր: «Ոչ մէկ նկարով կարելի չէր պատկերացնել Խրիմեան Հայրիկին դէմքը, մանաւանդ անոր խոշոր կապոյտ աչքերը», կը վկայեն զինք մօտէն ճանչցողները:
Խրիմեան Հայրիկ սրամիտ էր. նոյնիսկ լուրջ եւ ամենահանդիսաւոր պահերուն չէր մոռնար իր բնածին հիւմորը:
Էջմիածինի մէջ, Խրիմեան Հայրիկին կը ներկայանար բանաստեղծ մը իր փոքրամարմին տիկնոջ հետ։ Խրիմեան կը նայի տիկնոջ, ապա հարց կու տայ բանաստեղծին.
– Տիկի՞նդ է, որ քեզ կը ներշնչէ եւ կ՛ոգեւորէ բանաստեղծութիւն գրելու:
– Այո,- կը պատասխանէ բանաստեղծը:
– Զաւակս, աղէկ ըրած ես, չարիքներուն փոքրագոյնը ընտրած ես:
Սրախօսութիւններու հսկայ ժառանգ մը ձգած է Խրիմեան Հայրիկ, որոնցմով հատորներ կարելի է լեցնել:
Վեփահառ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի բազմաբեղուն կեանքին վերջին կոնդակն ալ հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան փայլուն օրինակ մըն է՝ իր կեանքին եւ իր խօսքին.
«Այժմ իմ հայրապետական կոնդակով, տարաբախտ ազգիս վշտալի հայրապետս, որ հասել եմ իմ կեանքի մայրամուտին, յորդորս եմ կարդում ձեզ, մեր բոլորի սիրելիներին, որ իսպառ թօթափեն սրտերից ատելութիւնը, մեծամտութիւնը եւ լինեն ընդմիշտ մի սիրտ եւ մի հոգի, համերաշխ եւ եղբայրական սիրով գործեն այնպիսի խոհեմութեամբ, իմաստութեամբ, որ իրենց գործունէութեան արգասիքները վնաս չբերեն մեր ազգին, այլ օգուտ ու զարգացում»:
Ամենայն Հայոց «Հայրիկ»ի կեանքը վերջ գտաւ 20 Հոկտեմբեր 1907ին։ Ծովածաւալ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ անոր թաղման արարողութեանը, եւ թաղուեցաւ նախորդ կաթողիկոսներուն պէս, Ս. Էջմիածինի մէջ:
Բիւր յարգանք անոր յաւերժալոյս եւ անմահ յիշատակին:
Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր
Յանձնախումբի եւ յարակից յանձնախումբերու
եւ ենթայանձնախումբերու վարչութիւնները
կը մաղթեն միութեան բոլոր անդամներուն, համակիրներուն եւ համայն հայութեան,
առողջ, բարգաւաճ ու խաղաղ Նոր Տարի եւ ուրախ Ս. Ծնունդ
The Board of Trustees, the Executive Committee
and all the Committees and subcommittees of the Organization
of Istanbul Armenians, wish to all members, friends, and fellow
Armenians, a healthy, prosperous and peaceful New Year and a joyous Christmas