ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Երբեք պիտի չզարմանայի, եթէ ինծի հարց տրուէր, թէ ինչո՛ւ գրուեցաւ ու հրատարակութեան յանձնուեցաւ երգիծական ծաւալուն այս գործը: Արդեօք հեղինակին կողմէ իր շրջապատին մէջ յայտնուող տարօրինակ երեւոյթները երգիծելո՞ւ ու ձաղկելո՞ւ, կամ պարզապէս ընթերցողը զուարճացնելու, անոր շուրջ կենսուրախ մթնոլորտ ստեղծելու՝ կենցաղագիտական միամիտ պահանջքէ եւ սպասումէ մղուած: Եթէ քիչ մը խորացնենք մեր պրպտումները, ապա վերջին հաշուով, ամէն գրական գործ, ի՛նչ սեռի ալ պատկանի, անպայման հեղինակին միտքին մէջ նպատակ մը կը հետապնդէ ու յատուկ առաքելութեամբ մը ճամբայ կը հանուի:
Անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, որ բաւական երկար խորհեցայ այդ մասին: Ներկայ գործին ձեռնարկելուս բուն նպատակը՝ սիրելի հայ ընթերցողին վերադարձնելն էր հայերէն գիրք կարդալու, ընթերցանութեան լծուելու հաճոյքը եւ այդ մէկը՝ ուրախ տրամադրութեամբ: Թերեւս ժամանակի ընթացքին, մեր հեղինակներուն մօտ գրելաոճի եւ թեմայական փոփոխութիւններ յառաջ եկան: Ու այս վերջին շրջանին, գրեթէ անտեսուած է իմ նախասիրած՝ երգիծական թեման, ան ալ մեր մամուլի էջերու երկայնքին: Ի՞նչ պատահեցաւ: Արդեօք երգիծական ուսուցող ու զուարճալի սեռին հանդէպ ընթերցողին մօտ հետաքրքրութեան պակա՞սը մեր տաղանդաւոր երգիծագիրները մղեց լռութեան, թէ մեզի համար անորոշ ուրիշ պատճառներ… Օրինակ, մեր կարգ մը խմբագիրներու անտարբերութիւնը կամ սարսափը՝ երգիծական սեռի քիչ մը խնդրայարոյց, կծո՛ղ նիւթերէ:
Ներկայ հատորը իր մէջ կը պարունակէ վաթսունի մօտ զանազան չափի կտորներ, որոնք գուցէ չեն հնազանդիր զուտ երգիծական սեռի պահանջներուն: Իմ համեստ կարծիքով, կատարած երգիծական փորձերս զուարճախառն պատմուածքներ կամ նշմարներ են, զորս տարիներու ընթացքին գրի առած եմ, ու անոնցմէ որոշ թիւ մը լոյս տեսած է հայ մամուլին մէջ: Եւ քանի որ մինչեւ վերջերս «Արասան» ֆոնթը կը գործածէի, ստիպուած եղայ ներկայ հատորը ամբողջութեամբ Sylfaen նորագոյն ֆոնթով գրելու եւ խմբագրելու:
Այստեղ հարկ կը զգամ նաեւ հայ ընթերցողին յիշեցնելու, թէ զուտ մանկական յատուկ նիւթերու կողքին, դարուս ընկերային ու քաղաքական զարտուղիութեանց ու սեռային այլանդակութիւններուն «հիւմուր»ով անդրադարձներ եղած են ներկայ հատորի երկայնքին: Չկայ ծիծաղելի ու հետաքրքրաշարժ երեւոյթ մը, որ խուսափած ըլլայ հեղինակիս սրաբիբ, ամենատես աչքերէն: Հատորին մէջ գործածուած լեզուն անպաճոյճ ու հաճելի է, ու տեղական «քոլորիտ»ը պահպանելու մտահոգութեամբ, տեղ-տեղ դիմած եմ օտարաշունչ բառերու եւ ասացուածքներու:
Այո՛, ներկայ գործով, իբրեւ հեղինակ՝ մասնաւորապէս փորձած եմ ընթերցանութեան հաճոյքը վերադարձնել հայ ընթերցողին: Թէ որքանո՛վ յաջողած է այդ մէկը՝ ի՛նք, հայ ընթերցողը պիտի ըսէ…
Հեղինակ
Սպիտակ Տան Գորշ Կարտինալը…
Խմբագրատունէն երբ դուրս ելայ ու կորաքամակ դէպի մեքենաս կը քալէի՝ մտորելով իմ քիչ առաջ լսած անմօրուք տէր հօր պատմութեան մասին, այդ դէպքը ինծի յիշեցուց աւելի զուարճալի պատահար մը, զոր ես ինծի խոստացայ գրի առնել բարեդէպ օր մը եւ խմբագիր բարեկամիս նուիրել՝ առ ի մխիթարութիւն հայ դպրութեան սիրոյն անոր ապրած առօրեայ նահատակութեան ու տառապանքին:
Տասնհինգ տարիներ առաջ ինծի պատահածը տէր հօր պատմութենէն ահաւոր էր ու միեւնոյն ատեն՝ ծիծաղաշարժ: Հայաստան երրորդ այցելութիւնս էր: Ատրպէյճանցիներու կատարած սպանդն ու քաղաքական ոտնձգութիւնները գլուխնիս զարկած ըլլալով՝ կրտսեր մանչիս հետ ելանք ու այդ ցուրտ ձմրան շրջապատեալ հայրենիք ուղեւորուեցանք, ազատագրութեան նորագոյն պայքարին բարոյական մեր բաժինը բերելու:
– Այդպիսի բարբարոս եղանակի ի՞նչ գործ ունէիք Հայաստան,- հարց պիտի տային խելքը գլուխը մարդիկ: Հայր ու որդի, գուցէ գաղտնօրէն, զառանցանքը կ՛ապրէինք՝ ճակատ մեկնելով Ղարաբաղի գոյապայքարին մասնակցելու: Այդ ուղղութեամբ դիմում ալ կատարեցինք:
– Կռուող շատ ունինք,- մեզի տրուած քաղաքավար պատասխանն էր,- սակայն «փրոփականտ»ի պատերազմը յառաջ տանելու ատակ, անգլերէնի քաջատեղեակ մարդ չունինք…,- ըսին ու տղաս արտաքին գործոց նախարարութիւն տեղաւորեցին, իսկ իմ պարագայիս, զիս վերէն վար չափելէ ետք՝ «մեր գոյապայքարին, դո՛ւք, պարոն Կուպելեան, շատ աւելի օգտակար եղած կ՛ըլլաք, եթէ Ամերիկա վերադառնալով դրամահաւաքի ձեռնարկէք, քան թէ գլուխէն կերած սփիւռքահայու ձեր հազար ու մէկ քմայքներով ճակատ մեկնիք ու մեր գլխուն պատուհաս (պելա) դառնաք… ատկէ բացի, դեռ «վերտալիոթ»ի մէջ ձեզի համար տեղ չունինք, զինամթերք կը տանինք, վիրաւոր կը բերենք…,- աւելցուցին անոնք սրտցաւ շեշտով:
Անշուշտ, ճիշդ ա՛յդ բառերով չարտայայտուեցան: Սակայն իմ տարիքիս հասած՝ հանած-վառած, կերած ու կալոններով «ուիսկի» խմած անհատէ մը կ՛ակնկալուէր ըսուածէն աւելի չըսուածն ալ հասկնալ: Իմ վեցերորդ զգայարանքս ինծի կը թելադրէր, որ հայրենի այդ օրերու ղեկավարութեան բուն սարսափը դաշնակցակա՛ն հակումներով գրող-հրապարակագիրի մը կենդանի ներկայութիւնն էր ղարաբաղեան տարածք, երբ մինչեւ 1992 թուական իշխանաւորներէն գրեթէ ոչ ոք խիզախած էր Ղարաբաղ մեկնիլ: Սակայն, հակառակ անոնց շիլ հաշիւներուն, եթէ մարդուն ճակատը գրուած է հերոսանալ, հակառակ ոմանց «մաքիավելիութեան», ապա այդ մէկը անպայման իրականութիւն կը դառնայ: Իսկ իմ կարգիս, եթէ հէչ բան մը չեմ ըրած-նէ այդ պատիւին արժանանալու համար, ապա գոնէ «Քաջ Նազար» թերթի խմբագիրներուն հետ տարիներով բարեկամութիւն ըրած եմ ու հաց կիսած…
Այդ տարին, մեր բախտէն, ամբողջ Հայաստանը սպիտակ վերմակով ծածկուած էր, եւ ջեռուցման դրոյթէն ու ելեկտրական հոսանքի պակասէն՝ նորածին մանուկները իրենց մայրերուն գիրկը կծկուելով կապտագոյն գունդերու վերածուած էին: Իսկ մեծահասակները, պարզապէս կը սարսռային իրենց տեղաշորերուն մէջ: «Տուրիստ»ի մը համար բաւական երկար մնացած ըլլալով Երեւանի մէջ, արդէն իսկ վարժուած էինք տեղացիներուն գործադրած վերապրումի ճիգերուն:
Պանդոկները փակ էին, քանի մը հատ ու կենտ արտասահմանեան այցելուներ կային: Խելքը գլուխը «չեթին» հայրենասէրներն անգամ, արեւոտ օրերու կը սպասէին՝ հայրենիք այցելելով Ազգընտիրին քղանցքը համբուրելու եւ անոր կողքին լուսանկարուելու համար: Մեզի նման «փերուշան»ներն ալ, բարեկամի մը դատարկ յարկաբաժինը կայք հաստատելով՝ կը փորձէինք քիչ մը ջերմութիւն ու կենդանութիւն ներմուծել մեր հայրենակիցներուն անարեւ գոյութեան: Եւ… սպասել «վերտալիոթ»ի մը ազդանշանին, ոստում մը կատարելու համար Արծուաբոյն: Տակաւին, հակառակ իրենց անյոյս վիճակին, տեղական մտաւորականութիւնը եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ պետական այրերը մեզ իրենց անվերապահ գուրգուրանքին կ՛արժանացնէին: Սակայն, այս բոլորին մէջ ո՞ւր էր հերոսութիւնը:
Մի՛ աճապարէք: Մեզի նման անուղղայ ճակատագրապաշտները ջերմօրէն կը հաւատան «Եթէ գրուած է, կը պատահի՛» սկզբունքին: Գուցէ տեղացիներուն համար այս ափրիկէբնակը, արեւադարձային իր երկրին «էքզոթիկ» համն ու հոտը հետը բերած՝ տեղացիներու քիմքին կը քսէր… Անկեղծ ըլլալու համար չեմ ալ գիտեր, թէ տեղացիներու աչքին մեզ ի՛նչն էր հետաքրքրական դարձնողը: Մէկ-երկու անգամ պատկերասփիւռէն ելլելէս ետք, սաղ Երեւանին սիրելին դարձանք: Նոյնիսկ երբ խանութէ մը գնում կ՛ընէինք, յաճախ կը մերժէին փող վերցնել: Իսկ «թաքսի»ի վարորդը մեզ խփելու կ՛ելլէր, եթէ շատ առարկէինք.
– Արա, ամօ՛թ կ՛ընէք… Դուք եկեր էք հայրենիքի պաշտպանութեան համար ձեր կեանքը մատաղ ընելու:
Սակայն այդ բոլորը ոչի՛նչ՝ բաղդատմամբ այն «օյուն»ին, զոր տեղական ազդեցիկ թերթ մը սխալմամբ կատարեց՝ մէկ օրուան ընթացքին սփիւռքահայ սա անծանօթ գրողը հռչակաւոր դարձնելով ամբողջ Սովետի տարածքին: Սա՛ ալ աւելցնեմ, որ, հակառակ ելեկտրական հոսանքի ընդհատումներուն, տեղական մամուլը՝ իր նոր ձեռք բերած ազատութեան մթնոլորտէն խանդավառ, թերթերը յամառօրէն լոյս կ՛ընծայէր, եւ, պէտք է խոստովանիմ, որ իմ քիչ մը յախուռն ու յանդուգն դիրքորոշումներս՝ քաղաքական ու ազգային հարցերու կապակցութեամբ, տուեալ խենթուկս փնտռուած ապրանք կը դարձնէին ամբողջատիրական կարգերու տակ կեանք մը ամբողջ տուայտած հայրենի մտաւորականութեան աչքերուն: Արդարեւ, անոնք լապտերով, խրոխտ, անվախ այցելու կը փնտռէին… հարցազրոյցի՛:
Այդ պայմաններուն տակ, «Հայաստան» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցս շատ բնական էր որ անստուեր անցնէր: Երիտասարդ թղթակիցը՝ անխորտակ կամքով, գիշերը ցերեկին խառնելով պատրաստեց թղթակցութիւնը, եւ ինծի ըսուեցաւ, որ յաջորդ օրն իսկ լոյս տեսաւ՝ թերթին ամբողջ մէկ էջը գրաւելով: Հայաստանի տարածքին մեր գրողները ստեղծագործելէ ու սերնդագործելէ, ծխելէ ու կալոններով օղի սպառելէ բացի ուրիշ զբաղմունք չունէին: Սակայն, գէշը հոն էր, որ թերթին այդ թիւը քիչ մը ուշացումով պիտի հասնէր ձեռքս:

Հարցազրոյցի հրապարակումով, մէկ օրէն միւսը, անձիս հանդէպ անբնականօրէն ուշադիր վերաբերմունք ցոյց կը տրուէր, ո՛ւր ալ գտնուէինք: Առաւօտ մը, մանչիս հետ սեւ մեքենայով արտաքին գործոց նախարարութիւն գացինք՝ Րաֆֆի Յովհանէսեանի հրաւէրով: Երբ նախարարութենէն դուրս եկանք պաշտօնական մեր հագուստով, ճէյրանի արտաքինով, «պոյով-պոսով» հայուհի մը մանչս մէկ կողմ քաշելով անոր հարց տուաւ, թէ Իրանի նոր դեսպա՞նն էի արդեօք… Հերոսանալու մարմաջ երբեւիցէ չեմ ունենած, բայց, ինչո՞ւ մեղքս պահեմ, գրականութենէն դուրս ամէնէն սիրած զբաղմունքս եղած է քաղաքականութիւնը: Ափրիկէի խորերը օտարները զուր տեղի մեզ «Հայաստանի դեսպան» չէին կոչեր: Ասոր իբրեւ հետեւանք, մանչս ու տեղացի շարժավարը՝ կատակը ծայրայեղութեան հասցնելով, պաշտօնական մեր այցելութիւններուն ընթացքին անոնք կ՛աճապարէին պետական մեքենային ետեւի դուռը բանալու նուաստիս առջեւ:
Այդ գիշեր, քանի մը բարեկամներով «Լա Մաֆիա» կոչեցեալ ճաշարանը այցելեցինք: Բոլոր գլուխները, պետական այրերէն սկսեալ մինչեւ մաֆիայի կնքահայրերը, անոնց փափկասուն սիրուհիներն ալ ներառեալ, յանկարծ մեր կողմը դարձան, երբ ուշ ժամուն ներս մտանք: Ես դեռ հարցազրոյցը չէի կարդացած: Հոն յայտնուած յախուռն միտքերուն վերագրեցի հանրութեան մօտ հետաքրքրութեան յանկարծակի սրումի:
Այդ գիշեր քանի մը սեղաններէ խմիչք հասաւ մեզի, իսկ կիսամութին մէջ այդ «ժեստ»ը յանձն առնող անծանօթ անձնաւորութիւնը ոտքի կանգնելով մեր կենացը կը խմէր: Առաջնակարգ խմիչքներէն աւելի՝ մեր հոգիները ջերմացնողը երեւանցի դիցուհիներու խաժ աչքերուն կիզող նայուածքն էր…
Երբ գիշերը ուշ ատեն տուն կը վերադառնայինք, կրպակէ մը «Հայաստան» թերթին տուեալ թիւը վերցուցի: Ի պատիւ նորելուկ այս հերոսին, այդ գիշեր հոսանքը անընդմէջ կը լուսաւորէր լուսատենչ Երեւանի մէն մի փողոցը: Գիշերանոցս անցընելով՝ անկողին մտայ ու անյապաղ թերթը բացի:
Աչքերուս չհաւատացի…
Իրարու հետ բնաւ չառնչուող զոյգ մը յօդուածներ թերթին առաջին էջերը գրաւած էին: «ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԻ ԳՐՈՂԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔՆ Է ՍԱ…». այսպիսի «զօրլու» եւ սրտայոյզ խորագիր մը մարդու տունը չէ քանդած: Աստուծմէ դեռ «պելա» մը կ՛ուզէք կոր, պարո՛ն Կուպելեան…
Իսկ անոր ճիշդ դիմացի էջը՝ «ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ԳՈՐՇ ԿԱՐՏԻՆԱԼԸ», եւ գրութեան կեդրոնը՝ գորշ կարտինալին լուսանկարը: Գլուխս քիչ մը քէֆ վիճակի մէջ, յանկարծ այնպէս մը ճչացի, որ քիչ մնաց բնակած թաղիս բոլոր նախկին «ՔԷՅ. ՃԻ. ՊԻ.»ները իրենց տեղաշորերով փողոց նետուէին:
«Ծօ՛, ես կը ճանչնամ այս մօրուքաւոր թուխ մարդը…», գոչեցի: Ապա, վստահ ըլլալու համար, անկողինէն ելլելով հայելիին մօտեցայ՝ մօտէն ես զիս զննելու: Չէի սխալած, իմ դիմակս փոխ առած էին: Սպիտակ տան յայտնի մաֆիոզին, կամ «էմինանս կրին»՝ պարոն Կենադի Բուրբուլուսին, մարդկային դիմագիծ տալու համար, իմ լուսանկարս իր սիւնակին տակ զետեղած էին, իսկ իմ սիւնակիս գլուխը՝ տխրահռչակ ռուս պետական մարդուն, կամ՝ «ճանավար»ին լուսանկարը:
Առեղծուածը լուծուեցաւ…
Ատոր համար ճաշարանի մաֆիական ու գլանային պարագլուխները, որոնք աւելի կլոր փորեր ունէին քան պարելու ատակ ֆիզիքական կազմուածք, շուրջս կը կոտրուէին: Ու ես, հայ անփորձ խմբագիրի մը շեղումով, մէկ օրուան ընթացքին ամբողջ Հայաստանի եւ գուցէ Սովետ Միութեան ամէնէն յարգուած մաֆիայի կնքահայրը դարձայ: Իսկ Հայաստանի մաֆիոզներու առաքինութիւններուն երբեւիցէ՛ մաս չէ կազմած թերթի մը մէջ երեւցող յօդուած մը ամբողջութեամբ ծայրէ ծայր կարդալը. այսինքն, խորագիրէն ու լուսանկարին տակ զետեղուած տեղեկութենէն անդին երթալով՝ մխրճուիլ գրութեան խորքը:
Տղայէս խնդրեցի, որ ձայն չհանէ, քիչ մը երկարաձգելու համար խեղկատակութիւնը: Եւ դեռ, թերթի խմբագրութեան հեռաձայնելով, Անմօրուք Տէրտէրին մանչուն նման վրիպանք պիտի չխնդրէի: Այսպիսի բախտ մարդուս կեանքին մէջ մէկ անգամ կը պատահի: Ուստի որոշեցինք վայելել մեզի բաժին ինկած առանձնաշնորհումը: Չէի կրնար պատկերացնել, թէ համայնավարութեան լուծէն ազատագրուած մեր «ազիզ» ժողովուրդը այնքա՛ն խոր պատկառանք ու ակնածանք կը տածէր այնպիսի անձնաւորութեան մը հանդէպ, որ գորշ երանգ կը կրէր իր նկարագիրին մէջ: Վստահ եմ, որ տեղացի շատ ընթերցողներ չէին կրցած իմաստ մը հագցնել «Գորշ Կարտինալ»ին: Միակ կարտինալը, որուն մասին գաղափար ունէին անոնք, պաղ պատերազմի օրերուն պապական թեկնածու հայ ծիրանաւորն էր:
Եթէ երբեք Հայաստանը կառավարող մաֆիան ու գլանայինները քիչ մը յոգնէին ու յանձն առնէին զգայացունց խորագիրէն անդին անցնիլ, հետեւեալ «շափօ»ն պիտի պարզուէր անոնց աչքերուն. «Պէտք է կարծել, որ Ռուսաստանի կառավարութեան նախագահի առաջին տեղակալ, պետական քարտուղար Կենադի Բուրբուլիսը, նախկին գաղափարախօս Միխայիլ Սուսլովի աշխատանքային գրասենեակը զբաղեցնելուց յետոյ ձեռք է բերել նաեւ ժուռնալիստներին դասեր տալու սովորութիւնը»:
Երանի՜ Սուսլովի աշխատասենեակը աշխուժացնելու չափ կարողութիւն ունենայի: Ամէնէն առաջ կրքոտ մեր մտաւորականութեան ազնուութեան դասեր կը սկսէի տալու:
Փոխարէնը, իմ սիւնակիս սկիզբը հազիւ ընթեռնելի փոքր տառերով գրուած էր. «Օրերս խմբագրութեան հիւրն էր ամերիկահայ անուանի – ներողութիւ՛ն՝ փերուշա՛ն – գրող, հրապարակախօս Պ.Գ.: Ձեզ ենք ներկայացնում մեր աշխատակիցի հարցազրոյցը նրա հետ»:
Ուրեմն ի յայտ կու գայ, որ տեղական մաֆիայի ղեկավարները, արտաքին երեւոյթէն դատելով, կարծեր են, թէ իրենցմէ «զօրլու» մաֆիոզ մը արիւնոտ իր թաթերը կ՛երկարէ յերկիր Նայիրի. Գորշ Կարտինալի նշանակութեան ալ վարժ չէր ալքոլէն բթացած անոնց «ինթելեքթ»ը. մանչիս բացատրութեամբ՝ «անպայման անոնք գորշ ածականը գայլի կամ իրենց նման մարդակերպ գազանի հետ կապեցին…»: Ես ալ իմ կարգիս, սկսայ վայելելու նոր գտած ժողովրդականութիւնս:
«Յիսուն տարիէ ի վեր կը գրես, տէ՛տ», ակնարկեց մանչս, «օր մը օրանց բաժակ մը գինի հրամցնող չեղաւ քեզի…»:
Հանրային վայրերու մէջ եւ փողոցը վայելած ժողովրդականութիւնս՝ հէ՛չ: Օր մը, Ամերիկեան համալսարանի բացման հանդիսութեան առիթով տրուած «քոքթէյլ»ին, պատահմամբ Նիու Ճըրզիէն բարերար եղբայրներէն մէկուն հանդիպեցանք:
– Պարո՛ն Գորշ Կարտինալ,- գոչեց ամերիկահայ բարերարը,- մեզ գլեցի՛ր անցար… այլեւս երեսնիս նայող չկայ:
– Պարո՛ն բարերար, այս ի՛նչ պատուհաս եկաւ գլխուս,- պատասխանեցի նիուճըրզեցի գործարարին,- քիչ առաջ պաշտօնական ամպիոնէն պարոն նախագահը այնպիսի թթու արտայայտութեամբ մը կը նայէր ինծի, որ կարծես բացայայտօրէն կ՛ուզէր ըսել. «Եթէ աչքդ նախագահական աթոռիս վրայ է… եկուր, նստէ՛ ալ վերջանանք… խէրը անիծածս դեռ Մարուխեանին ձեռքէն չպրծած՝ հիմա Գորշ Գայլ մը, ներողութի՛ւն, Գորշ Կարտինալ մը բուսաւ դիմացս… Այս ի՛նչ «պելալը» պաշտօն է եղեր…»:
Սրատես մանչիս աչքերէն բան չէր փախեր… Յաջորդ օրը, նախաճաշի ատեն, ինձմէ խնդրեց, որ այլեւս Լոս Անճելըս վերադառնամ՝ Ղարաբաղի համար դրամահաւաքը գլուխ հանելու:
– Ի՛նչ է, տղաս, արդէն իսկ ձանձրացա՞ր հօրմէդ…
– «Նօ՛», պապ, գիտես, որ ենթադրութիւնդ ճիշդ չէ:
– Հապա՞… դեռ նոր սկսանք տեղական մթնոլորտին վարժուելու:
– Ճիշդ ա՛յդ է, որ մտահոգութիւն կը պատճառէ ինծի: Վերջերս օտարոտի սկսար «աքթ» ընելու:
– Ի՞նչ ըսել կ՛ուզես:
– Անգլերէն դիպուկ խօսք մը կայ՝ «They have created a monster…»: Դուն չես նկատեր, որ վերջերս շատ փոխուեցար. նայուածքդ, քալուածքդ, նոյնիսկ խօսուածքդ փոխուեցան:
– Տղա՛ս,- ըսի համախոհութեան հասնելու ջանքով,- ամբողջ կեանքս ամէն վայելքի գինը վճարած եմ տառապանքով ու արիւն-քրտինքով: Հիմա, որ բախտը ժպտեցաւ ինծի, ձգէ՛ որ քիչ մը վայելեմ…
– Dad, stop it, please… Իբրեւ գրող-հրապարակագիր, արդէն ծանօթ անուն ես: Մի ոմն՝ Գորշ Կարտինալի մը տիտղոսը իւրացնելով չէ, որ աւելի պիտի փայլիս:
Մանչս իրաւունք ունէր… Անզգալաբար, աժան ժողովրդականութիւն ձեռք բերելու համար սկսած էի բառացիօրէն հոգիս սատանային ծախելու: Գոնէ սատանայ կոչեցեալին հետ սկսած էի սակարկութեան մէջ մտնելու: Յանկարծ մօրս ասացուածքներէն մէկը միտքս եկաւ. «Մէկ օրուան թագաւորութիւնն ալ թագաւորութիւն է…», եւ մատներուս ծայրով անշշուկ հեռացայ մաֆիական ու գլանային միջավայրէն ու անոնց շնորհած «զըխըմ» ըլլալիք բեմահարթակէն:
Գորշ Կարտինալի երանելի օրերէն իբրեւ յիշատակ մնացին թերթի մը երկու էջերը, ուր յաւիտեան բանտարկուած էի ինծի չպատկանող օտարոտի մաֆիահունչ սիւնակի մը մէջ…
We wish all our friends & relatives a Merry Christmas & a Happy New Year
Dr. & Mrs. Haig & Sylvia Minassian
Law Offices of Ani M.Garikian
Certified Family Law Specialist
Wishing all of our clients,
friends, and family
a joyous Holiday Season
and a prosperous New Year
Engaged exclusively in the practice of Family Law
Consultation, Litigation, Collaborative Law and Mediation
818-539-2209
Vahe & Arda Benlian and Family
Wishing You And Your Family The Gift Of Faith,
The Blessing Of Hope And The Peace Of His Love
At Christmas And Always.
Պապուճեան Ընտանիք
Թո՛ղ նորահաս տարին մեզի բերէ նոր յաջողութիւններ
Տօնոյեան Ընտանիք
Կը շնորհաւորեն ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը՝
մաղթելով անսահման խաղաղութիւն
աշխարհին եւ մեր ժողովուրդին
Լեւոն եւ Եսթեր Իսհակ
Նոր Տարուան ընթացքին եղէք առողջ եւ Երջանիկ
Wishing you
Peace, Love and Joy
For This Holiday Season
Harout, Sona & Shant Hamassian
Along With Raffi and Christine Hamassian
Մանուկ Եւ Լուսի Չուխաճեան
Լաւագոյն Մաղթանքներով Կը Շնորհաւորեն
Ձեր Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Նորթ Հոլիվուտ
ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» Նոր Տարուան
առիթով, պայքարող մեր ժողովուրդին
կը մաղթենք նոր եւ մեծ նուաճումներ
Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւ Ու Հոգաբարձութիւն
Կը Շնորհաւորեն Համայն Հայութեան
Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Նորթ Հոլիվուտ
ՀՄԸՄ «Ջաւախք»
Թո՛ղ նորահաս տարին մեզի բերէ նոր յաջողութիւններ
ՀՕՄի «Մեղր»ի Մասնաճիւղ
Ձեր Նոր Տարին թող ըլլայ իրականացումներու
մեծ եւ կարեւոր հանգրուան մը