«Յուզիչ Է Տեսնել, Որ Մարդուն Աշխատանքը, Մահէն Քսանհինգ Տարի Ետք Աւելի Զօրաւոր Եւ Արդիւնաբեր Ձեւով Մէջտեղ Կ՛ելլէ Եւ Նոր Պրպտումներու Դուռ Կը Բանայ»
Վարեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային գրադարանի մէջ վերջերս կազմակերպուած հայ մամուլի երկօրեայ գիտաժողովին կը մասնակցէին նաեւ սփիւռքահայ նշանաւոր մատենագէտ, լեզուաբան, բառարանագէտ, քերականագէտ, բանահաւաք, պատմագէտ, խմբագիր եւ դասախօս-ուսուցիչ՝ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի որդիները՝ Տարօն եւ Զարեհ Տէր Խաչատուրեանները: Գիտաժողովը նուիրուած էր հայ առաջին տպագիր թերթին՝ «Ազդարար»ի հիմնադրման 225ամեակին: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան գիտական եւ հոգեկան կապերով կապուած էր հեռաւոր 1794 թուականին Մատրասի մէջ հայր Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի մամուլ հիմնելուն եւ հայ մամուլին լոյսը այդ տեղէն հայաշխարհին տարածելու գործին՝ զայն համարելով սրբազան առաքելութիւն, որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ եւ ինքն ալ իր կարգին պատասխանատուութիւն մը վերցուցած էր՝ այդ լոյսը վառ պահելու եւ փոխանցելու:
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան իր գիտական, մանկավարժական, լեզուաբանական եւ այլ ասպարէզներու կողքին, յատուկ տեղ կը յատկացնէր մամուլի մատենագիտութեան, անձնական գրադարանին մէջ ունեցած էր «Ազդարար»ի երկու թիւ՝ 1 եւ 2 տետրակները, զորս մատենագէտին որդիները նուիրած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին: Անոնք ձեռնունայն չէին եկած նաեւ Հայաստան: Գիտաժողովին բացումէն անմիջապէս ետք, Տարօն եւ Զարեհ Տէր Խաչատուրեանները Հայաստանի Ազգային գրադարանին հանդիսաւոր կերպով նուիրեցին Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի անձնական գրադարանէն հնատիպ եւ հնագոյն նկատուող արժէքաւոր գրականութիւն մը՝ քառասունէ աւելի գիրքեր (1550-1960) եւ ձեռագիր մամուլի օրինակ մը: Այդ նուիրատուութեան մէջ էր 1550 թուականին հրատարակուած լատիներէն Նոր Կտակարանը՝ Novvm Testamentvm Graece et Latine (Basileae Bryling, Greek Ancient) եւ 1669 թուականին տպագրուած Առաքէլ Դաւրիժեցիի «Գիրք Պատմութեանց»ը՝ Ամսթերտամի «Ս. Էջմիածին եւ Ս. Սարգիս» տպարանին մէջ ոսկերիզ էջերով տպագրուած գիրքը: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գրադարանէն նուիրատուութեան ճամբով Հայաստան հասած են նաեւ Ռուբէն Զարդարեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Արշակ Ալպոյաճեանի, Ղուկաս Ինճիճեանի, Ճանիկ Արամեանի, Յ. Մ. Հաճեանի, Ա. Մ. Գարագաշեանի, Ա. Ահարոնեանի եւ այլոց գիրքերէն, որոնց քանի մը հատը ինքնագիրերով էին, ինչպէս օրինակ՝ Արշակ Չօպանեանի՝ 1912 թուականին Փարիզի Կ. Ներսէսեան տպարանին մէջ հրատարակուած «Հայ Էջեր. Մեր Նախնեաց Բանաստեղծութիւնն Ու Արուեստը» գիրքը: Բոլոր գիրքերուն վրայ դրոշմուած է Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գրադարանին կնիքը: Նուիրատուութեան մէջ էր նաեւ «Շարժում» գրական ամսաթերթի առաջին թիւին ձեռագիր տարբերակը: Այս բոլորը, ինչպէս նաեւ իր հարուստ գրադարանի միւս նմոյշները, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան ձեռք բերած է իր կեանքին ընթացքին՝ անձնական պրպտումներով, թանկարժէք մասունքներու պէս հաւաքելով, գնելով եւ փրկելով հայատառ ամէն ինչ, որուն հանդիպած է իր ճանապարհին:
Այս օրերուն, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի մէջ ստեղծելու շտեմարան մը, որուն մէջ պիտի ամբարուին Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գրադարանէն ուրիշ գիրքեր, ձեռագիրներ եւ տպագիր ժառանգութեան այլ օրինակներ: Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Հրաչեայ Սարիբէկեան Տէր Խաչատուրեան ընտանիքին յանձնեց շնորհակալագիր մը՝ հայ գրաւոր ժառանգութեան պահպանման, տարածման եւ հռչակման գործին իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Գիտաժողովէն ետք Տարօն եւ Զարեհ Տէր Խաչատուրեանները հարցազրոյց մը տուին «Ժամանակ»ին, ինչպէս նաեւ մեր թերթին տրամադրեցին Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի անտիպ լուսանկարներէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ.- Դուք ասկէ առաջ ալ այցելած էք Հայաստան, բայց այս այցելութիւնը կարծես առանձնայատուկ է, քանի որ ձեր հօր գործին հետ կապ ունի: Ի՞նչ զգացումներ ունիք:
ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Երբ Հայաստանի Ազգային գրադարանը մամուլի գիտաժողովը կը կազմակերպէր եւ հրաւիրեց Տէր Խաչատուրեան ընտանիքին կողմէ սրտի խօսք մը ըսելու, բնական էր, որ սրտի խօսքէն շատ աւելին պիտի ըլլար: Յստակ է, որ Հայաստանի կողմէն Սփիւռքի ճանաչումին մէջ մամուլը մեծ դեր ունի. մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը Հայաստան-Սփիւռք կապերը այդքան ալ բնական չէին, եւ կարծէք Հայաստանը առիթը չէր ունեցած Սփիւռքի մամուլը հարիւր տոկոսով կամ մեծամասնութեամբ քննելու եւ վերլուծելու կամ հիմնական տուեալները ունենալու: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գործը Սփիւռքի մէջ օգնեց, որ այդ ճանաչողութիւնը աւելի լաւ կատարուի, իսկ հիմա արդէն համացանցը կայ, եւ այդ աշխատանքը աւելի ջուրին երեսը ելաւ: Մեր այս այցելութիւը, գիտական բաժինէն, գիտաժողովին ելոյթ ունենալէն եւ գիրքերը նուիրուելէն բացի, երկրորդ բաժին մըն ալ ունի, այն է՝ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի հանգանակին յաւելեալ ծանօթացումը, հայրենի գիտական աշխարհին եւ անոր գործին առերեսումը անգամ մը եւս կատարելը: Մենք այն տպաւորութիւնը ունէինք, թէ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գործը Սփիւռքի մէջ շատ լաւ ճանչցուած էր իր ապրած օրերուն, իսկ Հայաստան սկսաւ զինք աւելի լաւ ճանչնալ յետ մահու՝ իր գրութիւններուն տպագրութեամբ եւ օրինակներուն ճիշդ ձեւով հոս հասնելուն միջոցով: Համացանցը եւ իր աշխատանքներուն թուայնացումը առիթը ընծայեցին, որ նաեւ Հայաստանի գիտաշխատողները ճանչան զայն, եւ մենք տեսանք, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան իր մահէն քսանհինգ տարի ետք Հայաստանի մէջ սկսած է լաւ ճանչցուիլ:
ԶԱՐԵՀ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինծի համար տպաւորիչ էր, որ Ազգային գրադարանի ղեկավարութիւնը, իր բարձրագոյն մակարդակին վրայ, մեծապէս արժեւորեց մեր ներկայութիւնը, եւ վստահ ենք, որ այդ արժեւորումը մեր հօր շնորհիւ էր: Նկատելի էր, որ գիտաժողովին երկու օրերու զեկուցումներուն մեծ մասին մէջ անպայման տեղ մը ակնկարկութիւն, մէջբերում կ՛ըլլար Արտաշէսին գործին: Յուզիչ է տեսնել, որ մարդուն աշխատանքը, մահէն քսանհինգ տարի ետք աւելի զօրաւոր եւ արդիւնաբեր ձեւով մէջտեղ կ՛ելլէ եւ նոր պրպտումներու դուռ կը բանայ: Իմ տպաւորութիւնն է, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան իր բոլոր ուսումնասիրութիւններուն մէջ եզրագիծ մը սահմանած է, եւ հեռու չէ այն օրը, երբ այդ չափանիշը հաստատուի արդէն մասնագէտներու կողմէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ.- Ան, ինչպէս գիտենք, հայագիտութեան մէջ ունեցած ձեռքբերումներուն հասած է ինքնաշխատութեամբ: Արդեօք ցանկութիւն ունէ՞ր այդ ասպարէզին՝ հայագիտութեան, մատենագիտութեան, աղբիւրագիտութեան ուղղութեամբ կրթութիւն մը ստանալու:
ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Իր համալսարանական կրթութիւնը պատմագիտութիւնն էր, իսկ հայ մամուլին հանդէպ սէրը ան ունեցած է պատանի տարիքէն՝ հաւաքած է թերթերէն պատառիկներ կամ ամբողջական հաւաքածոներ կազմած: Շատ մանրամասնօրէն կ՛ընթերցէր լիբանանեան թերթերը, յատկապէս ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով, բայց իր սէրը հայ մամուլին հանդէպ էր: Ես, յետադարձ հայեացքով վերլուծելով այդ անսահման սէրն ու նուիրումը, այն եզրայանգումին հասած եմ, որ Ցեղասպանութենէն ետք հոգեբանօրէն ընկճուածութիւն մը ապրած է հայրս, մենք կորնսնցուած էինք հող, հայրենիք. կ՛ենթադրեմ, որ իր միտքին մէջ երկուութիւն մը եղած է, հաւանաբար մտածած է, որ եթէ մենք այսքան յառաջադէմ մշակոյթ եւ այսքան յառաջադէմ քաղաքական միտք ունէինք եւ կորսնցուցինք՝ մարդկային կորուստին հետ նաեւ նիւթական մեծ կորուստ ունենալով, իր մէջ հոգեբանօրէն ջանք մը արթնցած էր ցոյց տալու, որ մենք նաեւ մշակութային մեծ կորուստ ունեցած ենք: Օսմանեան կայսրութեան տարածքին տպագրուած մամուլը, յառաջդիմութիւնը յաւելեալ ի յայտ բերելով, ցոյց կու տար, թէ որքան մեծ եղած է նաեւ մշակութային եղեռնը: Ան համայն աշխարհին կը փորձէր ցոյց տալ, թէ հայութեան յառաջդիմութիւնը դուք նաեւ հայ մամուլին մէջ կարող էք տեսնել: Իր այս նպատակին մասին ան չէ խօսած, բայց ես այդպէս կը վերլուծեմ:
ԶԱՐԵՀ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչ կը վերաբերի կրթութեան, ըսեմ, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան 1957 թուականին իր առաջին վկայականը կը ստանայ Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանէն, իսկ ես եօթ տարեկանիս ներկայ եղած եմ իր 1965 թուականի մագիստրոսի տիտղոսի ստացման, կրկին Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Սակայն, 13-14 տարեկանին Արտաշէս կ՛երթայ վանք, սարկաւագ կ՛ըլլայ եւ հոն կը շարունակէ մինչեւ 15-16 տարեկանը: Ան սենեկակիցն էր վախճանեալ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց վեհափառին, որուն հետ եղբօր պէս եղած են եւ գրչեղբայրներ էին մինչեւ իրենց կեանքին վերջին օրերը: Արտաշէս վանքին մէջ չի կրնար շարունակել եւ վարդապետ օծուիլ, որովհետեւ ընտանիքին մէկ հատիկն էր. դուրս կու գայ վանքէն, սակայն իրեն հետ դուրս կը հանէ աւանդական վանականի՝ հայ վանականի բոլոր հետաքրքրութիւնները, ապրումները եւ ատիկա կը պահէ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը: Արտաշէսին համար հայերէն գիրք եւ թերթ հաւաքելն ու ուսումնասիրելը խելագարութեան հասնող մոլուցք մըն էր, այնպէս, ինչպէս մէկը բախտախաղի մոլուցքով տարուած կ՛ըլլայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ.- Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան յարգուած եւ սիրուած եղած է նաեւ իբրեւ ուսուցիչ: Ի՞նչ կը պատմէք իր մանկավարժական գործունէութեան մասին:
ԶԱՐԵՀ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ուսուցչութիւնը իր հիմնական ասպարէզն էր, ուր գործած է երկար տարիներ, 35-40 տարի դասաւանդած է Պէյրութի զանազան հայկական վարժարաններուն մէջ, 1957-1961 թուականներուն ալ Հալէպի մէջ ուսուցչութիւն ըրած է: Ի միջի այլոց, գիրքերուն, հրատարակութիւններուն մեծ մասն ալ ան գնած է՝ ուսուցչութեամբ վաստկածին մեծ մասը ծախսելով ատոր վրայ: Իր կեանքի վերջին տաս-տասներկու տարին ալ դասախօս եղած է Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն ներս՝ լեզուաբանութիւն, գաղութներու պատմութիւն եւ այլ առարկաներ դասաւանդելով: Իր ուսուցչական ասպարէզին մէջ իսկ ան որպէս պարզ ուսուցիչ չէ գործած, զարմանալի կապ մը ստեղծուած էր իր ու աշակերտներուն միջեւ, որպէս երկրորդ հայր, որպէս բարեկամ, որպէս անհատականութիւն: Ասիկա մենք չենք ըսեր, իր աշակերտները եւ զինք ճանչցողները կ՛ըսեն, իր մասին յետմահու տպուած առաջին հատորին մէջ այդ մասին վկայութիւններ կան: 30-40 հազար աշակերտի մասին է խօսքը, որոնք այսօր տարածուած են աշխարհի տարածքին՝ Լիբանան, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ ամէնուր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ.- Գիտենք, որ գիրքերու եւ թերթերու զգալի հատուած մը Պոլիսէն ձեռք բերած է: Ինչպէ՞ս եղած է իր կապը Պոլսոյ հետ:
ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչ որ լսած ենք եւ ինչ որ ինք գրած է, Հալէպ գտնուած միջոցին շատ բաներ ձեռք ձգած է: Երբ ատկէ ետք ուսուցչական խումբով, նաւով Հայաստան այցելեց, արդէն մէջը շատ զարգացած էր գիրքի, թերթի հանդէպ սէրը. Հայաստանի մէջ գրողներու ալ կը հանդիպի, եւ աւելի իրական կ՛ըլլայ իրեն համար այդ ամէնը: 1967 թուականին Եգիպտոս սկզբնական այցելութենէն ետք, շատ բան կը գտնէ եւ կ՛որոշէ Պոլիս երթալ: 1967 թուականէն առնուազն մինչեւ 1977 թուականը ան ամէն տարի գտնուած է Պոլիս: Պոլսոյ նշանաւոր «Աբրահամեան» գրատունէն գնած է բազմաթիւ գիրքեր եւ տպագիր նիւթեր, եւ երբ Աբրահամեանը մահացած է ու զաւակները չեն ուզած պահել գրադարանը, ամբողջութեամբ գնած է զայն: Մենք կը յիշենք, որ Պէյրութէն հանրաշարժներ կ՛երթային Պոլիս եւ անոնց վարի բաժինին մէջ գաղտնի կերպով կը տեղափոխէր այդ գրադարանին ապրանքը: Այդ գիրքերուն մէջ ահագին բաներ կային՝ Թէոդիկի տարեցոյցներ, մամուլ, հնատիպ գիրքեր… Պոլիսը, ըստ իրեն, կեդրոն էր, ուր կը հասնէին աշխարհի տարածքին տպագրուած հայերէն գիրքերը՝ Ամսթերտամէն մինչեւ Վենետիկ, Երուսաղէմ, մինչեւ Կովկաս, ո՛ւր, ի՛նչ տպուած էր, Պոլիս կը գտնէր: Երբ Աբրահամեանին գրատունը կը գոցուի, ինք կը դիմէ քահանաներուն, խնդրելով օգնել իրեն, որպէսզի տուներէն գտնէ գիրքեր եւ կը հարցնէր՝ ո՞վ կը մահանայ, որո՞ւն տունը ի՞նչ կայ, եւ այդպէս կը հաւաքէր: Իր տասը գտածէն եօթը Պոլիսէն է, մէկը՝ Եգիպտոսէն, իսկ միւսները՝ Սուրիա, Լիբանան եւ այլ վայրերէ:
ԶԱՐԵՀ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Այդ քահանաները տարուան ընթացքին կ՛ընէին այդ հաւաքման գործը, եւ ինքը ամառը կ՛երթար, կը տեսնէր, ինչ որ կայ, կը գնէր, կու գար: Անգամ մը ես հետը գացած էի. երբ հնատիպ գիրք մը տեսնէր, ուրիշ աշխարհ մը կը մտնէր, մանաւանդ, երբ վրան հեղինակի մը ձեռագիրը տեսնէր, օրինակ՝ Գրիգոր Զօհրապին կամ ուրիշի մը մակագրութիւնը, յաջողած կը սեպէր իր այցելութիւնը: Ասիկա ապրելու տարբեր կերպ մըն էր, որ մեր հասունութեան շրջանին կրնայ ըլլալ, որ որոշ բաներ մեզի խորթ թուէին, բայց շատ կարճ ժամանակի մէջ մենք մեր միտքերը լարեցինք իր ուղղութեամբ՝ զինք հասկնալու, զինք ըմբռնելու եւ իրեն հետ լիովին գործակցելու համար:
ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Մեր տան մէջ միշտ Պոլիսէն հասած թերթ կար, հայրս մտերմութիւն ունեցած է Գօչունեաններուն հետ, յարգանք ունէր թէ՛ «Ժամանակ»ին, թէ՛ «Մարմարա»ին հանդէպ եւ անոնց խմբագիրներուն ու արտօնատէրերուն հետ մտերիմ էր: Մենք փոստով թէ՛ «Ժամանակ»ը կը ստանայինք, թէ՛ «Մարմարա»ն, ինչպէս նաեւ՝ «Յառաջ»ը՝ Փարիզէն, «Հայրենիք»ը՝ Պոսթընէն… Կէսօրէն ետք մեր սեղանին վրայ կ՛ըլլային այս թերթերը, որոնք Պէյրութի օրաթերթերուն հետ կ՛ընթերցուէին: Ան նաեւ մեր տունը կը բերէր Պէյրութ այցելող նշանաւոր հայ արուեստագէտները, գրողները…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ.- Հայ առաջին տպագիր պարբերականին՝ «Ազդարար»ին հետ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան առանձնակի հոգեկան կապ մը ունէր եւ «Ազդարար»ը մասնայատուկ կապուած էր իր անունին: Ինչպէ՞ս յառաջացած էր այդ կապը:
ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինք այսպիսի մօտեցում մը ունէր. եթէ մենք ունեցած ենք զօրավար Անդրանիկ, Նժդեհ, ունեցած ենք Րաֆֆի, ունեցած ենք Հայկ Նահապետ եւ Խաչատուր Աբովեան, հինգ մատի վրայ հաշուուող հայոց մեծերու կարգին ան կը դնէր եւս մէկ հերոս՝ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանը: Ինք այն աստիճան բարձր պատուանդանի վրայ դրած էր մամուլը իր բոլոր երեսակներով՝ գաղութ կազմակերպելու, հետեւելու եւ ղեկավարելու, առաջնորդելու իմաստով, որ այդ ասպարէզին նուիրուեցաւ մինչեւ վերջ, մամուլը եղած է ամենամեծ ասպարէզը, ուր գործած է եւ մամուլի ցուցահանդէսներ կազմակերպած՝ Հալէպ, Պէյրութ, Միացեալ Նահանգներ:
Մամուլը, իր ունեցած դերով, ան կը դնէր դպրոցի եւ եկեղեցիի կողքին, եւ հայ առաջին մամուլը հիմնողը, այն ալ օտար երկրի մը մէջ, իրեն համար ազգային հերոս մըն էր, այնքան մեծ, որ առաջին նկարը, զոր մենք, իբրեւ երեխաներ, մեր տունը կախուած տեսած ենք՝ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի մեծադիր նկարն էր: Մենք՝ չորս-հինգ տարեկան էինք, երբ աչքերնիս բանայինք մեր անկողինին մէջ, մեր ծնողքը տեսնելէն առաջ, Շմաւոնեան քահանան կը տեսնէինք: Իր մօտեցումը ա՛յս էր՝ եթէ Սուրբ Գիրքը չես կրնար կարդալ, առանց Ծննդոցը կարդալու, չես կրնար նաեւ հայութեան պատմութեան մասին խօսիլ, առանց մամուլի դերին ծանօթանալու, առանց հայ առաջին պարբերականին մասին գիտնալու:
Իր հետաքրքրութիւններէն մէկն ալ հայ գեղարուեստն էր՝ հայրենի եւ սփիւռքեան անուանի նկարիչներուն գծագրութիւնները, իւղանկարները հաւաքած է:
Շահան Պէրպերանի աշակերտը ըլլալով, ան թէ՛ Շահան Պէրպէրեանէն, թէ՛ միւս ուսուցիչներէն ժառանգած էր գեղագիտութեան եւ գիտութեան հանդէպ սէրը: Շահան Պէրպէրանի մասին գրած յօդուածներն ու պատրաստած հատորները նոյնպէս բացառիկ են:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ.- Հայութեան հարցերուն շուրջ ի՞նչ կը մտածէր, մանաւանդ որ Հայաստանի անկախութիւնն ալ տեսաւ:
ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հայրս կը հաւատար համասփիւռ հայութեան, կը հաւատար հայութեան միասնականութեան, կը հաւատար, որ նոյնիսկ միայն Սփիւռքով առաջնորդուելով եւ շիտակ առաջնորդութեան ճամբայ ունենալով (ակնարկելով նաեւ Մատրասը, իբրեւ օրինակ) կարելի է ունենալ այդ միասնականութիւնը:
Հայաստան-Սփիւռք կապերուն, էջմիածնական-անթիլիասական հարցերուն մէջ կը հաւատար, որ պէտք է ըլլայ փոխզիջողականութիւն եւ հանդուժողականութիւն: Ան պահանջկոտ էր բազմաթիւ հարցերու մէջ. ինչպէս՝ եկեղեցիին, կուսակցութեան առնչուող, զաւակներուն դաստիարակութեան հարցերով, բայց համահայկական հարցերուն մէջ իրեն համար հայկականութիւնը խօսքով չէր, այլ՝ գործնական քայլերով, եւ միշտ գործնականին ետեւէն գացած է, հակառակ որ վաճառականական միտք չէ ունեցած, բայց ծայրերը կլորցնելու, հարթեցնելու դիւանագիտութիւն մը ունեցած է, այդ պատճառով ալ ամէն կողմէ սիրուած էր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ.- Իբրեւ իր զաւակները, ի՞նչ ժառանգած էք իրմէ:
ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Իմ պարագայիս՝ հայրենասիրութիւն, աշխատանքի հանդէպ սէր եւ յարգանք եւ տարագրեալ ժողովուրդի մը զաւակը ըլլալով՝ հայ մշակոյթին տէր եւ նեցուկ կանգնելու մղում, որպէսզի փոքրաթիւ եւ աշխարհասփիւռ ազգ մը ըլլալով, հայութիւնը առյաւէտ կանգուն մնայ:
ԶԱՐԵՀ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ան անսահման կերպով հայաշունչ մեծցուցած է մեզ՝ կապուած եկեղեցիին, ակումբին. վայրեր, ուր կարգապահօրէն կ՛այցելէինք փոքր տարիքէն: Տեսակ մը զինուորի պէս կը վարուէր մեզի հետ, պատճառաբանելով, որ ես սերունդներ կը դաստիարակեմ, եթէ չկրնամ իմ զաւակներս դաստիարակել, ինչպէ՞ս մարդիկ իրենց զաւակները ինծի պիտի վստահին: Իմ միտքիս մէջ դրոշմուած խօսք մը ունի՝ եթէ բան մը պիտի ընես եւ վախնալով պիտի ընես, մի՛ ըներ, համարձակութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ նետուէ որոշած գործիդ: Իսկ ամենակարեւոր բանը, որ միշտ կը յիշեմ, այն է, թէ «պէտք չունիմ, որ իմ անունիս վրայ բան մը աւելցնէք, բայց այնպէս մի՛ ընէք, որ իմ անունէս բան մը պակսի…»
Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ
Հոգեւոր Հովիւներն Ու Հոգաբարձութիւնը
Քրիստոսաբոյր ջերմ սիրով կը շնորհաւորեն ձեր
Նոր Տարին, Ս. Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութեան Տօները
Մաղթելով բոլորին օրհնաբեր, քաջառողջ եւ արեւշատ օրեր:
Մանուկ Յիսուսի Ծննդեան խորհուրդը թող սէր եւ խաղաղութիւն սփռէ համայն
աշխարհին եւ յատկապէս մեր հայրենիքին ու սփիւռքահայ գաղթօճախներուն:
The Honorary Consulate of the Republic of Armenia in Fresno
Extends its warmest wishes for the New Year and the Armenian Christmas
May the New Year rekindle the spirit of dedication and commitment to the
Republic of Armenia
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ
Honorary Consul of the Republic of Armenia – Fresno
Berj K. Apkarian