ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 30 Դեկտեմբերին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի հանրային կապերու պատասխանատու Սաթենիկ Յովհաննիսեան յայտնեց, որ նախորդ տարուան ընթացքին օդակայանը սպասարկած է առաւել քան 3 միլիոն ճամբորդներու: Այդ առիթով ալ 3 միլիոներորդ ճամբորդներուն՝ Մոսկուա-Երեւան թռիչքով Հայաստան եկողներուն մատուցուեցան անակնկալ նուէրներ:
«Այդ չուերթի բոլոր ուղեւորներին մատուցուեցին խորհրդանշական նուէրներ՝ խմիչք, քաղցրաւենիք եւ երաժշտութիւն: Կարծում եմ, որ շատ գեղեցիկ անակնկալ էր, քանի որ ուղեւորների տպաւորութիւնները տեսնելով՝ հասկանում ենք, որ անակնկալը ստացուել է», նշեց Յովհաննիսեան:
Ան տեղեկացուց, որ նախորդ տարի «Զուարթնոց»ը ունեցաւ 2 միլիոն 690 հազար ուղեւորներ, եւ այս տարի, նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ շուրջ 11 տոկոսի աճ արձանագրուած է։ Ըստ անոր՝ աշխատանքներ կը տարուին զանազան գերատեսչութիւններու կողմէ Հայաստանը առաւել ծանօթացնելու նպատակով, ինչ որ յոյս կը ներշնչէ, որ յաջորդ տարի ճամբորդներուն թիւը աւելի մեծ պիտի ըլլայ։