ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ անոնք ծաղիկներ զետեղեցին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: