ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի յօդուածագիր մը դիտել կու տայ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը այս տարի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ամէնէն շատ անտեսուած հարցերէն մէկը եղած է մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։ Ըստ հեղինակաւոր թերթի յօդուածագիր Էրըն Պլէյքի՝ յատկապէս անտեսուած են երեք կարեւոր հարցեր՝ սէուտցի այլախոհ լրագրող Ճեմալ Խաշոկճիի սպանութիւնը, Հոնկ Քոնկի բողոքի ցոյցերը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Ան կը գրէ, որ նախագահ Թրամփ նախընտրեց իր յարաբերութիւնները չխանգարել Սէուտական Արաբիոյ, Չինաստանի եւ Թուրքիոյ հետ ու այս պատճառով անտեսեց այս երեք հարցերը։ Ան կ՛աւելցնէ, որ երբ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ յարձակեցաւ Ամերիկայի դաշնակից քիւրտերուն վրայ եւ շարունակեց մօտէն գործակցիլ Ռուսիոյ հետ, Քոնկրեսը, տասնամեակներու լռութենէն ետք, ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ չի զօրակցիր Քոնկրեսին ընդունած բանաձեւին։ Պլէյք նաեւ կը յիշեցնէ, որ Թրամփ առաջին նախագահը չէ, որ կը նախընտրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալ, աւելցնելով, որ հայութեան Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստում տուած նախագահ Պարաք Օպամա չէր յարգած իր խոստումը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.