ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, Կիրակի, 19 Յունուարին, կ.ե. ժամը 1ին, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին առիթով: Հասցէն է՝ 901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640։
Երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13րդ տարելիցի ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306)։
Ելոյթներ պիտի ունենան՝ Ռոյ Առաքելեան, Թամար Նալճը, Կարօ Ղազարեան եւ Բագրատ Էսդուգեան, որ նաեւ պիտի ստանայ Տինքի անուան Պոլսահայ միութեան մրցանակը։