ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 Յունուարին Ստեփանակերտի մէջ մասնակցեցաւ պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին՝ նուիրուած 2019ի արդիւնքներու ամփոփման եւ 2020ին կատարուելիք աշխատանքներուն։ Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Իր խօսքին մէջ, նախագահ Սահակեան նշեց, որ 2019ին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը վստահօրէն կատարած է իրեն դիմաց դրուած խնդիրները, ապահոված է երկրին եւ ժողովուրդին անվտանգութիւնը, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումը, եւ բանակին անձնակազմը իր այդ առաքելութիւնը կատարած է քրտնաջան եւ անձնուէր ծառայութեան շնորհիւ:
Նախագահ Սահակեան 2019ին, բանակաշինութեան ոլորտին մէջ իրականացուած լայնածաւալ աշխատանքներուն արդիւնքները, ընդհանուր առմամբ, գնահատեց բաւարար, տուաւ համապատասխան յանձնարարականներ 2020ին իրականացուելիք հիմնական հարցերուն վերաբերեալ:
Նախագահը ընդգծեց, որ պաշտպանութեան բանակը միշտ եղած է եւ կը մնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ բնականոն զարգացման հիմնական երաշխաւորը՝ յայտնելով, թէ համոզուած է, որ բանակը, ինչպէս միշտ, իր կարելին պիտի ընէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը պատշաճ մակարդակով լուծելու ուղղութեամբ: