ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն Չորեքշաբթի, 15 Յունուարին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Աւետիս Կիտանեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ անոնց ունեցած հետեւանքները զբօսաշրջութեան մարզին վրայ:
Նախարար Կիտանեան հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց 17 Հոկտեմբեր 2019էն առաջ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած արդիւնքները: