ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ
Նոյեմբեր 2ին իր մահկանացուն կնքեց հայ գրական աշխարհի հսկաներէն մէկը, Ժագ Ս. Յակոբեան: Իր 102 տարիներու կեանքը անցաւ յաւիտենականութեան՝ հարուստ գրական վաստակ մը ձգելով իր ետին:
Ծնած էր Գահիրէ, Ազատուհիին հետ ամուսնանալէ երկու տարի ետք կը գաղթէ Մելպըռն, Աւստրալիա, ապա կը վերադառնայ Գահիրէ, 1956ին երեք զաւակներով ընտանեօք կը փոխադրուին Պէյրութ, Լիբանան, ուր կը ծնի անոնց չորրորդ զաւակը, յետոյ դարձեալ Մելպըռն, Աւստրալիա եւ վերջապէս Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը:
Երեսունէ աւելի հատորներու հեղինակ, Հայրապետներու կողմէ շքանշանակիր, իր գործերէն մի քանին արժանացած գնահատագիրներու, «Կռունկը Կը Կանչէ» թատերախաղի հեղինակ, որ 100է աւելի անգամներ ներկայացուած է զանազան քաղաքներու բեմերուն վրայ, վերջապէս տաղանդաւոր եւ իւրայատուկ բանաստեղծ, արձակագիր, քարոզիչ եւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատու:
Իր հեղինակութիւններէն մէկը կը ներկայացնէ մեծ գիւտարարին փնտռածն ու գտածը:
Կրնանք առանց տատամսելու Ժագ Ս. Յակոբեանը ներկայացնել որպէս գիւտարար, մեծ գիւտարարին աշակերտը:
Այս մի քանի տողերուն մէջ կ՛ուզենք յիշել իր կեանքին իմաստ տուող բազմաթիւ գիւտերէն ոմանք:
30 տարեկան էր, երբ գտաւ իր հերոսը, եթէ արդար պիտի ըլլանք, իր հերոսը զինք գտաւ: Այդ հերոսը՝ որ զէնքով եւ դաշոյնով չէր շահած իր շքանշանները:
Սէր ըսուած բան մը կար,
ո՛չ բնութեան սէրը,
ո՛չ աղջկայ սէրը,
ո՛չ հազար ու մէկ գոյն սէրեր:
Այդ հերոսը սէր մը ունէր, որ կ՛երկարէր մինչեւ անհաշուելի սահմանները տիեզերքի, եւ Ժագ ժամանակ չկորսնցուց ստանալու այդ սէրը, տիրանալու այդ սիրոյն:
Այդ սէրը անուն մը կը կրէր, այդ սիրոյ անունը Յիսուս էր, եւ այդ օրէն ի վեր Յիսուս եղած էր իր երգը, իր բառը, իր ժպիտը, իր պաշտօնը, իր երազն ու ապրելու իմաստը:
Այդ օրէն սկսեալ Ժագ Յակոբեան դարձաւ Քրիստոսակեդրոն գրականութեան հեղինակը՝ Նարեկացիի եւ Շնորհալիի հանդերձներով:
Եւ ան գտաւ կեանքը, գլխագիր Կեանքը, որ սկիզբ ունէր բայց ոչ վախճան, որուն համը առնելէ ետք անկարելի եղած էր աշխարհիկ սեղանի մը հիւրը ըլլալ, որչա՜փ համեղ ըլլար հոն մատուցուածը:
Ան գտած էր խոնարհ ըլլալու գաղտնիքը, իր բնակարանը, իր ինքնաշարժը, իր հանդերձները, իր դիմագիծը, իր ապրելու ոճը խոտոր կը համեմատէին իր հանճարի հարստութեան տիրացածի մը:
Ան գտած էր կեանքին իմաստը, այսինքն ծառայութիւն, որ հակառակ իր համալսարանական յաջողութիւններուն որպէս դեղագործ, զինք մղած էր երկար տարիներ վարժարաններու մէջ շունչ սպառելու՝ իրեն վստահուած աշակերտներուն առողջ եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համար:
Յակոբեանի բառարանը չէր կրէր նախանձի եւ ատելութեան զգացումները, իր գրչեղբայրներուն եւ առ հասարակ մարդոց հանդէպ:
Կ՛արժէ ձեռք ձգել Յակոբեանի «Ողկոյզ» հատորը, կարդալու համար թէ ի՜նչ հիացումով կը ներկայացնէ հանճարեղ գրագէտներ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Դանիէլ Վարուժան, Նշան Պէշիկթաշլեան եւ Անդրանիկ Ծառուկեանը:
Ապա ան կը պատմէ իր կեանքին պատմութիւնը, կը խօսի Աղբալեանի եւ Թէքէեանի մասին եւ փունջ մը նկարներով կը ծանօթացնէ իր ընտանիքին:
Երախտագիտութեամբ կ՛ուզենք մօտենալ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ Մարտիրոսեանի, որ մեծ սիրով Յակոբեանի վերջին մի քանի հատորներուն հրատարակիչը եղաւ:
Ան գտած էր հայ ըլլալու, հայ ապրելու, հայերէն խօսելու, հայերէն գրելու կիրքը, գինովութիւնը, որ զինք դարձուցած էր հայրենիքի, հոն գտնուող հարստութիւններուն՝ Արարատին, Սեւանին, Էջմիածինին եւ Երեւանին, Սարդարապատին եւ Ծիծեռնակաբերդին ի բացակայէ ներկայ ըլլալու ուրախութիւնը: Առանց ֆիզիքապէս հայրենիք այցելելու ան վայելած էր հայրենիքին օդն ու ջուրը:
Ան գտած էր Մեսրոպի հնարած տառերը՝ որոնք իր գրիչով վերածուած էին ծանօթ եւ անծանօթ բառամթերքի, եւ ամէնէն կարեւորը՝ Ան գտած էր Աստուածաշունչ մատեանը եւ այդ երկնառաք գիրքին մէջ ապրող հերոսներու ներկայութիւնը: Այդ մատեանին բաց մնալը փափաքած էր ամէն վայրկեան, իր գրասեղանին վրայ ու աշխարհի բոլոր սեղաններուն վրայ:
Երիտասարդ տարիքին ան սիրած էր Ազատուհին, իրեն հետ ամուսնանալէ ետք աշխարհ եկած էին չորս տաղանդաւոր զաւակներ, որոնց հայեցի դաստիարակութեան համար քուն փախցուցած էր, սիրած եւ խաղցած էր անոնց հետ, եւ երբ կրտսեր որդին պետական դպրոց արձանագրած էր, զինք օտարին յանձնելէ ետք թաց աչքերով տուն վերադարձած էր:
Ան գտած էր ազգային տառապանքը աշխարհի քարացած խիղճին ղրկելու միջոցը եւ իր բազմաթիւ գրութիւններով՝ արձակով եւ բանաստեղծութիւններով ջանացած էր ոճրագործ թուրքը պատժել:
Ան գտած էր իր հոգիին հարստութիւնը ուրիշներու բաժնելու ամէնօրեայ վազքը՝ հոգեւոր պատգամներով, Աստուածաշունչի սերտողութիւններով, բարեկամական հանդիպումներով:
Ան գտած էր հայերէն նոր բառեր հնարելու գաղտնիքը՝ որոնցմով հայերէն բառարանները հարստացուցած էր:
Կ՛արժէ թուել անոնցմէ ոմանք.
Գրանկար, կրկնածնունդ, անձնակոծում, հոգելից եւ հոգալից, մեսրոպաշունչ, մասիսածին, ժագափունջ, հայատրոփ, ուլունքաշար, հոգեշնչում, մեսրոպատրոփ, ծննդերգութիւն, պատգամափունջ, երկնաղօղանջ, համբոյրազօծ, համբոյրագեղ, համբոյրահոս, համբոյրաբոյր, հօտազօծել, նեխազրկիչ, բոյրագէտ, գեղատուն, Յիսուսաբոյր, եդեմաբոյր, շնորհաբոյր, աստուածաբոյր, դրախտաբոյր, Աւետարանածին, Սաղմոսածաղկոց, գերվաճառատուն (supermarket), նեկտարաքաղ, Աւետարանասփռում, Յիսուսասփռում, Յիսուսատար (missionary), Յիսուսօրէն, Յիսուսավարակուիլ, Յիսուսաթաթախուիլ, Յիսուսազարդ, ողջունահանդէս եւ բազմաթիւ ժագերէն բառեր, որոնք հարստացուցած են եւ գունաւորած մեր գրականութիւնը:
Ժագ Յակոբեան գրական իր առաջին քայլերը առած էր Գահիրէի մէջ, երբ իր «Գաղտնի Ճամբան» գողտրիկ հեղինակութեամբ ուշադրութիւնը գրաւած էր այդ օրերու նշանաւոր գրադատ Նիկոլ Աղբալեանի, որուն գնահատանքն ու քաջալերութիւնը մղած էին զինք շարունակելու եւ գործածելու իր Աստուածատուր տաղանդը:
Այդ օրերուն էր, որ ծանօթացած էր բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի, որուն հետ մտերմիկ յարաբերութիւն մշակած էր, եւ այնչափ սիրած էր իր երէցը, որ անոր մահուան առիթով արտայայտած էր իր զգացումները «Մարդ մը մեռաւ» հրաշալի եւ երկարաշունչ ներբողով մը:
Ժագ Յակոբեանի հետ իմ բարեկամութիւնը ծնունդ առած էր Պէյրութի Կենաց վարժարանին մէջ, ուր երկուքս ալ ուսուցչութիւն կ՛ընէինք, իսկ այդ բարեկամութիւնը հասունցաւ, երբ ան աշխարհի մի քանի ցամաքամասերը այցելելէ ետք վերջապէս Փասատինա հաստատուած էր եւ առիթ ստեղծած, որ նամակներով մեր սէրն ու զգացումները Պէյրութէն Փասատինա իրարու փոխանցենք:
Ժագի 60է աւելի նամակները եւ իմ պատասխանները զիս մղեցին, որ իր արտօնութեամբ, գրականութիւնը սիրող հանրութեան ներկայացնեմ 222 էջնոց հատորով մը, որ իր հիացումին եւ ուրախութեան նուէրը եղաւ ինծի եւ բազմաթիւ ընթերցողներու, իր երկնագնացութենէն տարի մը առաջ:
Այսօր Ժագ այս երկրի վրայ իր 102 տարուան պանդխտութիւնը աւարտելէ ետք, իր յաւիտենական բնակարանը կը գտնուի, ուր ողջագուրուած է իր սէրերու մեծագոյնին հետ՝ Յիսուսի հետ եւ ուր հանդիպած է իրմէ առաջ հոն հասած հարազատներու, դեղագործ հօրը, սիրասուն մօրը, երաժիշտ եղբօրը, իր կրտսեր եղբօրը, քրոջ եւ իր կեանքի ընկեր Ազատուհիին:
Այսօր ան տեղաւորուած է Մեծ Ճարտարապետի կողմէ մասնաւորաբար իրեն համար կառուցուած բնակարանի մը մէջ, շրջապատուած վարդերով, շուշաններով եւ մեր երկիրը կը դիտէ գերազանց փափաքով մը՝ որ հայ ժողովուրդը, միլիոններ հաշուող հայ ժողովուրդը, մէկ հոգի իսկ չզրկուի այն փառքէն, որուն մասին երգեց երկրի վրան ապրած օրերուն եւ որուն ան տիրացած է անսահման երջանկութեամբ:
Իր քերթուածներէն շատերը աշխարհիկ կեանքի սնանկութիւնը կը պոռան, եւ կ՛աղաչէ իր ազգակիցներուն, որպէսզի անոնք իրենց վրայէն հանեն կեղծ աւանդապաշտութեան ցնցոտին եւ երկինքի սպիտակ հանդերձով զարդարեն իրենց այլասերած հոգիները, որպէսզի իրենց աղբէն մաքրուին եւ Քրիստոսի լոյսով հարստանան:
Յովհաննէս առաքեալ իր գրած Աւետարանի Ա. գլխուն 2-5 համարներուն մէջ այսպէս կը ներկայացնէ այդ լոյսը. «Սկիզբէն էր բանը եւ բանը Աստուծոյ քով էր եւ բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քով էր՛ Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց Անոր բան մը չեղաւ ինչ որ եղաւ: Կեանքը Անով էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր: Եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր, ու խաւարը զանիկա չճանչցաւ»:
Ժագ Ս. Յակոբեան, սակայն ճանչցաւ Լոյսը եւ այդ Լոյսն է որ ճառագայթեց իր գրիչով 80 տարիներու ընթացքին:
Մեր մաղթանքն է որ մեր գրական աշխարհը յորդի այս լոյսով եւ օգնէ որ ընթերցասէր հասարակութիւնն ալ հարստանայ այդ երկնային լոյսով:
Յարգանք Աստուածասէր, հայրենասէր եւ մարդասէր բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի յիշատակին: