ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վենետիկի «Ֆլորիան» սրճարանը, որ կը համարուի Եւրոպայի հնագոյնը, կը պատրաստուի նշելու իր 300ամեակը: Հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբերին եւ Դեկտեմբերին:
Ս. Մարք հրապարակին վրայ գտնուող այս հաստատութիւնը բացուած է 29 Դեկտեմբեր 1720ին, Վենետիկի հանրապետութեան օրերուն։ Սրճարանը կոչուած է անոր սեփականատիրոջ՝ Ֆլորիանօ Ֆրանչեսքոնիի անունով։
Անոր յաճախորդներէն եղած են՝ Ճիաքոմօ Քազանովա, Լորտ Պայրըն, Փըրսի Շելի, Չարլզ Տիքընզ եւ Կէօթէ: 20րդ դարուն, այլոց կողքին, անոր սեղաններուն շուրջ նստած են Ըրնեսթ Հեմինկուէյ, Չարլի Չափլին եւ Էնտի Ուորհոլ: