Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ լոյս տեսած է Ռուբինա Փիրումեանի «Թաւրիզից Ստալինեան Գուլագ. Ընդհատուած Պատմութիւն» հատորը՝ հրատարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների Ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան ինստիուտի Գիտական խորհրդի որոշմամբ (Յիշողութեան ազգագրութիւն – 8), Երեւան, 2019, (330 էջ): Ըստ կողքի էջին վրայ բերուած բացատրութեան՝ 1944 թ. Յունուար 3ին, Իրանի Ատրպատական նահանգի Թաւրիզ քաղաքէն, երկիր ներխուժած խորհրդային ուժերուն կողմէ առեւանգուեցաւ Բաղդասար (Բաղդիկ) Մինասեանը: Գիրքը կը ներկայացնէ անոր ոդիսականը՝ Թաւրիզի չեկայի նկուղէն մինչեւ Երեւանի մենակեաց բանտախուցը եւ մինչեւ աքսոր դէպի Սիբիր՝ Նորիլսկի տաժանակիր աշխատանքային ճամբար: Փիրումեան կը նկարագրէ հօր բացակայութեան ընթացքին իր ընտանիքին կրած տառապանքն ու զրկանքները: Ստալինի մահէն յետոյ, տասը տարի, տասը ամիս եւ տասնեօթ օր խորհրդային բանտերուն եւ աշխատանքային ճամբարներուն մէջ տառապելէ ետք, Բաղդիկ Մինասեան ազատ արձակուեցաւ եւ տուն վերադարձաւ հիւծուած, առողջութիւնը կորսնցուցած, բայց բարձր հոգեկանով ու անկոտրում կամքով՝ վերսկսելու նոր կեանք եւ նոր պայքար՝ ի խնդիր իր դաւանած ազգային գաղափարին ու սկզբունքներուն: Այնուամենայնիւ, անոր կեանքը ազատութեան մէջ հեզասահ չընթացաւ: Ան տակաւին շատ մարտահրաւէրներ պիտի յաղթահարէր՝ իր տեղը գտնելու համար թէ՛ ընտանիքի եւ թէ հասարակութեան մէջ: Իր կեանքին վերջին տարիներուն միայն սկսաւ գրել՝ երբ իր մէջ գտաւ ուժ ու անդորր՝ կարողանալու համար վերյիշել, նորէն ապրիլ սարսափելի անցեալը եւ թղթին յանձնել իր յուշերը, որ սակայն անաւարտ մնացին:
Գիրքին տիտղոսաթերթին վրայ կը կարդանք.
«Գիրքը հայերէնի վերածուած եւ որոշ չափով ընդլայնուած տարբերակն է Ռուբինա Փիրումեանի 2017ին լոյս ընծայած My Father, A Man of Courage and Perseverance, A Survivor of Stalin՛s GULAG աշխատութեան: Հեղինակը նկարագրում է հօր՝ Բաղդիկ Մինասեանի կեանքը՝ մանկութիւնից մինչեւ չեկայի կողմից նրա առեւանգումը Թաւրիզից, աքսորը, ներումը եւ վերադարձը Իրան: Գրքի երկու գլուխներում բերուած են համահեղինակ Բաղդիկ Մինասեանի անաւարտ յուշերը, որոնք անգլերէնի վերածուած ընդգրկուած էին անգլերէն բնագրում: Փիրումեանը շարունակում է պատումը՝ փորձելով լրացնել հօր անաւարտ յուշերը, ապա՝ ներկայացնում է երկու տասնամեակի հօր ճիգն ու ջանքը, ի հեճուկս մեծ դժուարութիւնների, իր երբեմնի տեղն ու դիրքը հաստատելու ընտանիքում, համայնքում եւ հայ քաղաքական ասպարէզում: Աշխատութիւնը յուշագրութիւնից աւելի, իւրայատուկ հայեացքով դիտուած, հետազօտութիւն է՝ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախօրեակի եւ յետագայ դէպքերի ու երեւոյթների եւ մանաւանդ՝ ստալինեան համակարգի պատժամիջոցների մասին. բանաւոր պատմութիւն է՝ ընդհատուած պատմութեան վերակազմութեան փորձ:
Գիրքը նախատեսւում է ստալինեան բռնաճնշումների ժամանակաշրջանով, բանաւոր պատմութեամբ ու յիշողութեան ուսումնասիրութիւններով զբաղուող սոցիալական (ընկերային-Խմբ.) տարբեր գիտաճիւղերի մասնագէտների, ինչպէս նաեւ այդ հարցերով հետաքրքրուողների լայն շրջանակի համար»։
Գիրքը ստանալու համար կրնաք դիմել «Սարդարապատ» կամ «Ապրիլ» գրախանութները եւ կամ գրել հեղինակին՝ rubinap@aol.com հասցէով: