Նորակազմ կառավարութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Շաբաթ, 25 Յունուարին, կէսօրէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7 «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց շնորհաւորութիւններ՝ լիբանանահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Նոր նախարարը շնորհաւորեցին Լիբանանի Հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հայկական երեսփոխանական խմբակի անդամ, երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Ազգային իշխանութեան, միութիւններու Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, թաղապետներ, կրօնաւորներ, հայկական վարժարաններու տնօրէններ եւ պատասխանատուներ, թաղական խորհուրդներ եւ տիկնանց միութիւններ, տարբեր կառոյցներու պատասխանատուներ եւ պաշտօնեաներ:
Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան յոյս յայտնեց, որ միացեալ ջանքերով կարելի կ՛ըլլայ երկիրը աստիճանաբար դուրս բերել այս տագնապալի վիճակէն՝ հաստատելով, որ շատ մեծ պատասխանատուութիւն կայ նոր կառավարութեան ուսերուն, սակայն անիկա վճռական է ամէն ջանք գործադրելու՝ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար: