ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութիւնը ամփոփեց 2019ին կատարուած աշխատանքներուն արդիւնքները:
Ոստիկանութեան ղեկավար կազմի խորհրդակցութեան ներկայ եղան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան:
Խորհրդակցութեան ընթացքին, տարեկան զեկոյցներով եւ հաշուետուութիւններով հանդէս եկան ռազմական ոստիկանութեան պետի փոխանորդներ, հրամանատարական կազմի պետեր, բաժին-բաժանմունքներու ղեկավարներ:
Ներկայացուած զեկոյցներուն եւ հաշուետուութիւններուն մէջ առանձնացուեցան նախորդ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները, զինուած ուժերուն մէջ փտածութեան բացայայտման եւ վտանգներու նուազեցման, զօրքերուն մէջ կանխարգելիչ միջոցառումներու իրականացման եւ այլ ուղղութիւններով արձանագրուած արդիւնքները:
Խորհրդակցութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը յստակ յանձնարարականներ տուաւ զինուած ուժերուն մէջ քրէական ենթամշակոյթի բացառման ուղղութեամբ արդիւնաւէտ պայքար ծաւալելուն վերաբերեալ:
Նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ռազմական ոստիկանութեան կատարած աշխատանքներուն համար, նոյն ժամանակ աւելցուց, որ ռազմական ոստիկանութիւնը, իր լիազօրութիւններու եւ կարելիութիւններու ծիրին մէջ՝ կրնայ եւ պէտք է աւելին ընէ։ Դաւիթ Տօնոյեան յորդորեց առաւել աշխուժացնել յանցագործութիւններու բացայայտման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:
Խորհրդակցութեան աւարտին հայոց բանակի կազմութեան 28րդ տարեդարձին առթիւ ռազմական ոստիկանութեան կարգ մը զինուորներ ստացան գերատեսչական մետալներ, պատուոյ գիրեր եւ ստացան զինուորական կոչումներ: