ԳԱՀԻՐԷ.- Արաբական լիկան Շաբաթ, 1 Փետրուարին գումարած իր արտակարգ ժողովին ընթացքին մերժեց Ամերիկա-Իսրայէլ համաձայնութիւնը, «որովհետեւ անիկա պաղեստինցի ժողովուրդին նուազագոյն իրաւունքները չ՛ապահովեր եւ կը հակասէ խաղաղութեան հոլովոյթի սկզբունքներուն, որոնք հիմնուած են միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿի որոշումներուն վրայ»:
Լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով գումարուած ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրուած այս որոշումին մէջ, լիկան զգուշացուց Իսրայէլի կողմէ համաձայնութեան պայմաններուն գործադրումը՝ շեշտելով, որ անիկա պիտի նկատուի միջազգային որոշումներու անտեսում, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց՝ դէմ դնելու այդ նպատակով իսրայէլեան կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք որեւէ քայլի:
Արաբ արտաքին գործոց նախարարները ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր ազգային ղեկավարութեան՝ ընդդէմ այս համաձայնութեան եւ որեւէ այլ գործարքի, որ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները կ՛ոտնահարէ:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ժողովին ընթացքին յայտարարեց խզումը Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ բոլոր յարաբերութիւններուն, որոնց կարգին ապահովական յարաբերութիւններուն՝ աւելցնելով, որ պիտի ձերբազատի իր յանձնառութիւններէն, զորս ստանձնած է Օսլոյի համաձայնութեան հիման վրայ, եւ զորս Իսրայէլ գործնականապէս ջնջած է՝ ամերիկեան «խաղաղութեան ծրագիր»ը որդեգրելով։