ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
28 Յունուար 2020ին, նախագահ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հրապարակեց Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ երկար ատէնէ սպասուած՝ իր «Խաղաղութեան ծրագիր»ը: Ծրագիրին ճարտարապետը նախագահին փեսան եւ անոր աւագ խորհրդական Ճէրըտ Քուշնըրն է։
«Խաղաղութեան ծրագիր»ը ունէր շարք մը թերութիւններ՝ նախքան զայն յայտարարելը: Նախ, ո՛չ Թրամփ, ոչ ալ անոր փեսան որեւէ տեղեկութիւն ունէին արաբ-իսրայէլեան պայքարի բարդութեան մասին: Իր նախագահութեան սկիզբը, դրսեւորելով իր անտեղեակութիւնը՝ Թրամփ շարունակաբար կ՛ըսէր, որ այդ մէկը դիւրին լուծուող հարց է: Անոր ուղղափառ հրեայ փեսան նոյնքան անտեղեակ է միջինարեւելեան պայքարի ծալքերէն: Եթէ այդքան դիւրին ըլլար այս հարցին լուծումը, անիկա շատոնց լուծուած կ՛ըլլար:
Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ խորամանկ քայլ մը՝ շեղելու համար ուշադրութիւնը Իսրայէլի վարչապետ Պենեամին Նեթանեահուի կաշառակերութեան ամբաստանութենէն եւ Թրամփի պաշտօնազրկման գործընթացէն:
Իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ բարեխիղճ միջնորդը պէտք է ըլլայ անաչառ եւ չէզոք: Թրամփ հեռու է այս հիմնական պահանջը բաւարարելէ‘ ո՛չ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելէն ետք՝ վիճելի Երուսաղէմը ճանչնալով իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք, ոչ ալ Սուրիոյ Կոլանի բարձունքները (Իսրայէլը զանոնք գրաւած է 1967ի պատերազմին) Իսրայէլի տարածք յայտարարելէ ետք: Ասոնք միջազգային իրաւունքի բարդ հարցեր են եւ ենթակայ են լայնածաւալ բանակցութիւններու: Այս պատճառներով է որ հակամարտութիւնը մինչեւ այսօր չէ լուծուած: Միայն այն անձը, որ տեղեակ չէ այս բարդութիւններէն կրնայ ըսել, որ ասիկա դիւրին լուծուող հարց է եւ հանդէս գալ այնպիսի ծրագիրով մը, որ բոլորովին միակողմանի է եւ կը բաւարարէ Իսրայէլի բոլոր պահանջները, բայց պաղեստինցիներուն ոչ մէկ պահանջը։
Առաջարկուած «Խաղաղութեան ծրագիր»ը իրականութեան մէջ ո՛չ իսրայէլացիներուն, ոչ ալ պաղեստինցիներուն շահերէն կը բխի: Թրամփի ծրագիրին պայմանները թելադրուած են Իսրայէլի կողմէ՝ իր ապահովութեան պահպանման քօղին տակ: Ասիկա «կ՛օրինականացնէ» Արեւմտեան ափի հրէական բնակավայրերը եւ կ՛երկարաձգէ անոնց գոյութիւնը: Ապագայ պաղեստինեան պետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող այս բնակավայրերը զգալի վտանգ կը ստեղծեն Իսրայէլի բնակչութեան ապահովութեան համար՝ շարունակելով պայքարը ու արիւնահեղութիւնը: Առաջարկուող Պաղեստինի պետութիւնը չորս կողմէ շրջապատուած է Իսրայէլով՝ պահպանելով ռազմական ամբողջական վերահսկողութիւն պաղեստինցիներուն վրայ: Աւելին, Երուսաղէմի կարգավիճակը կը մնայ անլոյծ: Կ՛ենթադրուի, որ Իսրայէլ կը տիրանայ ամբողջ Երուսաղէմին՝ սահմանափակելով Պաղեստինի մայրաքաղաքը՝ քաղաքին ծայրամասը գտնուող գիւղի մը մէջ: Ասիկա երբեք ընդունելի չէ ոչ միայն պաղեստինցիներուն, այլեւ աշխարհի բոլոր արաբներու եւ մահմետականներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան միջազգային իրաւունքի միջոցով հարցի խաղաղ լուծման:
Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ը չորս տարի ժամանակ կու տայ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն համար: Սակայն, այս ծրագիրը սկիզբէն իսկ պաղեստինցիները կը դնէ պարտուողական իրավիճակի մէջ‘ զրկելով զանոնք իրենց ինքնիշխան իրաւունքներէն թոյլ եւ փոքրացած տարածքի մը մէջ, որովհետեւ Իսրայէլ Արեւմտեան ափի հրէական բնակավայրերը շուտով պիտի յայտարարէ իբրեւ իսրայէլեան տարածք:
Պաղեստինցի ոչ մէկ առաջնորդ մասնակցեցաւ 28 Յունուարին, Սպիտակ Տան մէջ տեղի ունեցած արարողութեան: Պաղեստինի իշխանութեան առաջնորդ Մահմուտ Ապպաս մերժեց «դարուն գործարք»ը‘ զայն անուանելով «դարուն ապտակ»ը: Ան նաեւ հրաժարեցաւ ընդունելէ Սպիտակ տան կողմէ առաջարկուող 50 միլիառ տոլար արժողութեամբ ներդրումային ծրագիրը: «Թրա՛մփ, Երուսաղէմը չի ծախուիր: Մեր իրաւունքները չեն ծախուիր», ըսաւ Ապպաս: Արաբական 22 երկիրներէն միայն Պահրէյնի, Օմանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանները մասնակցեցան Սպիտակ տան արարողութեան:
1 Փետրուարին, Արաբական պետութիւններու լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները միաձայն բանաձեւ մը ընդունեցին՝ մերժելով Թրամփի իսրայէլա-պաղեստինեան «Խաղաղութեան Ծրագիր»ը՝ նշելով, որ «անիկա չի բաւարարեր Պաղեստինի ժողովուրդին իրաւունքներու եւ ձգտումներու նուազագոյն մակարդակը»:
Միասնականութեան հազուագիւտ նշանով, Ապպաս անցեալ շաբաթ հանդիպեցաւ «Համաս» շարժումի, Պաղեստինի ազատագրումի կազմակերպութեան եւ իսլամական ճիհատի առաջնորդներուն հետ՝ միասնական դիրքորոշում ունենալու համար Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ին դէմ: Եթէ «Խաղաղութեան ծրագիր»ը ծառայեց մէկ բանի, այդ ալ միայն բազմազան եւ յաճախ պայքարող պաղեստինեան խմբաւորումներու միացման:
Անցեալ շաբաթ, Սպիտակ տան արարողութեան աւարտին, Արեւմտեան ափի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մզկիթները սկսան հեռասփռել Քուրանէն հատուած մը, որ կը նախազգուշացնէ. «Մի՛ հնազանդիր անհաւատներուն եւ կեղծաւորներուն»:
Տասներկու դեմոկրատ ծերակուտականներ ստորագրեցին միացեալ նամակ մը՝ ուղղուած Սպիտակ տան՝ քննադատելով «Խաղաղութեան ծրագիր»ը՝ իբրեւ «միակողմանի (եւ) ոչ օրինական փորձ խաղաղութեան յառաջխաղացման համար: Անիկա բաղադրատոմս է տարածաշրջանին մէջ նոր բաժանումի եւ բախումի համար»:
Դեմոկրատ նախագահի ընտրութեան բոլոր թեկնածուները դէմ արտայայտուեցան Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ին՝ քննադատելով զայն իբրեւ «միակողմանի քայլ», որ դուրս կը ձգէ պաղեստինցիները: Ամերիկայի նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր եւս դատապարտեց «Խաղաղութեան ծրագիր»ը՝ ըսելով. «Պաղեստինեան գրաւեալ տարածքներուն մեծ մասին միակողմանի բռնակցումը Իսրայէլի՝ պաղեստինցիներուն կ՛առաջարկէ մասնատուած պետականութիւն, առանց անոնց սահմաններուն վերահսկողութեան: Ծրագիրը կը խախտէ երկու պետութիւններուն մասին որոշումը՝ հիմնուած 1967ի սահմաններուն վրայ»:
Ըստ շատ մը ամերիկացի հրեաներու եւ իսրայէլացիներու՝ «Խաղաղութեան ծրագիր»ը, ըստ էութեան, կը հակասէ Իսրայէլի ազգային շահերուն։ Անոնք կոշտ կերպով քննադատեցին Թրամփի ծրագիրը: Կարծես թէ Իսրայէլի ղեկավարները չեն հասկնար, որ որքան շատ թշնամացնեն պաղեստինցիները իրենց դէմ, այնքան աւելի կ՛երկարաձգեն ռազմական գործողութիւնները՝ շարունակելով ապրիլ պատերազմի եւ ահաբեկչութեան պայմաններուն մէջ։
Իսրայէլի «Խաղաղութիւն հիմա» ամենամեծ եւ ամենահին շարժումը, որ հանդէս կու գայ հասարակական ճնշման միջոցով խաղաղութեան հաստատման օգտին, իր կայքին վրայ յայտարարեց, որ Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ը «ոչ միայն կ՛անտեսէ խաղաղութեան յառաջխաղացումը, այլեւ կրնայ լրջօրէն վնասել իրական խաղաղութեան հեռանկարներուն, երկու կողմերուն համար»:
Ամերիկեան հրէական «Ճէյ Սթրիթ» (J Street) ազատամիտ լոպիիստական խումբը դատապարտեց խաղաղութեան գործարքը, քանի որ անիկա «զերօ հնարաւորութիւն ունի իբրեւ հիմք ծառայելու նորացուած դիւանագիտութեան համար: Սա տրամաբանօրէն գագաթնակէտն էր այն բազմաթիւ անբարեխիղճ քայլերուն, որոնց այս վարչակազմը ձեռնարկած է իսրայէլեան աջակողմեան օրակարգը հաստատելու համար»:
Հրէական առաջնորդութեամբ գործող «Ամերիկացիները յանուն խաղաղութեան հիմա» կազմակերպութիւնը «Խաղաղութեան ծրագիր»ը յայտարարեց «բաղադրատոմս աղէտներու, բռնակցման, Արեւմտեան ափի իսրայէլեան գրաւման եւ իսրայէլապաղեստինեան պայքարի յաւերժացման, նաեւ տառապանքներու եւ արիւնահեղութեան համար»:
Յուսանք, որ նախագահ Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ը երբեք իրականութիւն չի դառնար: Թէ՛ իսրայէլացիները, թէ՛ պաղեստինցիները պէտք է դատապարտեն բռնութիւնը եւ նստին բանակցութիւններու սեղանին շուրջ‘ գտնելու համար իրենց երկարատեւ պայքարի խաղաղ կարգաւորման լուծումը: Անոնք երկուքն ալ պէտք է խուսափին միջամտութենէ միջնորդներու, որոնք աւելի շատ հետաքրքրուած են ոչ թէ արաբներու կամ իսրայէլացիներու, այլ իրենց սեփական շահերով։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ