ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ 6 Փետրուար 2020ին սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին որոշման ընդունումէն եւ 7 Փետրուարին Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ զայն Հանրապետութեան նախագահին ներկայացնելէ ետք, սահմանադրութեամբ Հանրապետութեան նախագահին գործառոյթները կը սահմանափակուին միայն հանրաքուէի օրը նշանակելով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ 9 Փետրուարին, Հանրապետութեան նախագահը, ղեկավարուելով սահմանադրութեան 206րդ յօդուածով, ստորագրեց հրամանագիր մը սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն 5 Ապրիլին իրականացնելու վերաբերեալ։
«Ղեկավարուելով սահմանադրութեան 206րդ յօդուածով, ինչպէս նաեւ «Հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքի 12րդ յօդուածի 1ին մասով եւ հիմք ընդունելով Ազգային ժողովի 2020 թուականի Փետրուարի 6ի «Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւնների նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին» ԱԺՈ-001-Ն որոշումը.
«1. Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւնների հանրաքուէն նշանակել 2020 թուականի Ապրիլի 5ին:
«2. Սոյն հրամանագիրն ուժի մէջ է մտնում պաշտօնական հրապարակմանը յաջորդող օրուանից», կը նշուի հրամանագիրին մէջ։
10 Փետրուարին հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անհրաժեշտ կը նկատուի մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն եւ ընթացող քննարկումներուն լոյսին տակ պարզաբանում տալ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւնների նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին» որոշման վերաբերեալ Հանրապետութեան նախագահին գործառոյթներուն մասին՝ «հետագայ շահարկումներից, հակասական մեկնաբանութիւններից եւ թիւրըմբռնումից խուսափելու նպատակով»։
Ըստ պարզաբանումին՝ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած փաստաթուղթը օրէնքի նախագիծ չէ, օրէնք չէ, այլ Ազգային ժողովին կողմէ 6 Փետրուարին ընդունուած եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու վերաբերող որոշում, որ հրապարակուած է Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին վրայ:
«Վերոնշեալ որոշման առնչութեամբ Հանրապետութեան նախագահի սահմանադրական գործառոյթներն ընթացակարգային են եւ սահմանափակւում են միմիայն եւ բացառապէս սահմանադրութեան 206րդ յօդուածի համաձայն եռօրեայ ժամկէտում հանրաքուէի օր նշանակելու մասին հրամանագիր ստորագրելով:
«Ընդ որում, համաձայն «Հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքի 12րդ յօդուածի Հանրապետութեան նախագահի կողմից վերոնշեալ եռօրեայ ժամկէտում հանրաքուէ չնշանակուելու դէպքում հանրաքուէն համարւում է նշանակուած՝ սահմանուած ժամկէտի վերջին օրուայ յաջորդող 65րդ օրին նախորդող Կիրակի օրը:
«Հարկ ենք համարում նշել նաեւ, որ հանրաքուէի օր նշանակելով կամ չնշանակելով, Հանրապետութեան նախագահը չի արտայայտում իր վերաբերմունքն ու դիրքորոշումը Ազգային ժողովի կողմից ընդունուած եւ հանրաքուէի դրուելիք սահմանադրութեան փոփոխութիւնների բովանդակութեան, ինչպէս նաեւ այդ որոշման կայացման ընթացակարգերի վերաբերեալ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: