ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով, Ս. Սարգիսի Աջը տարուեցաւ առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցի, որով պատարագիչ սրբազան հայրը օրհնեց հաւատաւոր ժողովուրդը։
8 Փետրուարին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արարատեան Հայրապետական թեմի տեղեկատուական բաժինի հոգեւոր համակարգող Եսայի քհնյ. Արթենեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդին մօտ տօնին խորհուրդը կ՛ամփոփուի յատկապէս աստուածային սիրոյ մէջ։
«Սուրբ Սարգսի տօնը մեր ժողովրդի համար ամենասիրելի տօներից մէկն է, եւ խորհուրդը մեր ժողովրդի մէջ տարբեր շերտերով բացայայտուել է՝ ե՛ւ ժողովրդական աւանդոյթների մէջ, ե՛ւ հոգեւոր իր ապրումների ու զգացումների մէջ։ Բայց, ամենակարեւորը, ինչպէս որ բոլոր սրբերի պարագայում, այնպէս էլ Սուրբ Սարգսի պարագայում, այն սէրն էր, որը սրբին առաջնորդում էր։ Պատահական չէ, որ այս օրը մենք յատկապէս շեշտը դնում ենք այդ աստուածային սիրոյ դրսեւորման վրայ։ Սուրբը իր նահատակութեամբ, քաջութեամբ, մարդկային տեսակով հենց կրողն էր այդ սիրոյ, եւ ոչ թէ բացատրեց այդ սէրը, այլ ապրեց այդ սիրով։ Մեր ժողովրդի մէջ հենց այդ սիրոյ շեշտադրումն է, որ մարդիկ գալիս են խոնարհուելու սրբի յիշատակի առաջ՝ նրա բարեխօսութիւնը հայցելով», ըսաւ Արթենեան։
Ան նշեց, որ Ս. Սարգիսը, ըլլալով ազգութեամբ յոյն, հայերուն մէջ բացառիկ ընդունելութեան արժանացաւ։
Տօնական Ս. պատարագը նուիրուած է Ս. Սարգիս զօրավարին, անոր Մարտիրոս որդիին եւ 14 զինուորներու յիշատակին: