ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 16 Փետրուարին, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան Յուշարձան-դամբարան»ին մէջ, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ հաւատացեալներու, կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկսոութեան երջանկայիշատակ հայրապետներուն եւ լուսահոգի միաբաններուն հոգեհանգիստը, որուն նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոսը։
Արդարեւ, սոյն հոգեհանգստեան պաշտօնը, որ աւանդութիւն դարձած է Փետրուար ամսուան ընթացքին կատարել կաթողիկոսութեան թեմերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, առիթ է ոչ միայն յիշելու մեր վեհափառ հայրապետներուն եւ հոգեւոր հայրերուն նուիրեալ ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, այլեւ այն եզակի դերը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ունեցաւ Ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքի կազմակերպման աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ վերանորոգելու ուխտը։