Երեքշաբթի, 18 Փետրուարի յետմիջօրէին, Պոլսոյ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սահակ Բ. պատրիարքին եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն ժողովը։ Ներկայ էին բոլոր թաղային խորհուրդներու, հոգաբարձութիւններու, խնամակալութիւններու ատենապետները, որոնց մէկ քանիին կ՛ընկերանային նաեւ գործընկերներ։
Պատրիարքին հետ էին պատրիարքական փոխանորդը, Կրօնական ժողովի ատենապետը եւ անդամները։
Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Սահակ Բ. պատրիարքը՝ ներկայացնելով օրակարգի միակ հարցը, որն էր՝ հաստատել կեդրոնական մարմին մը։ Համայնքային այդ մարմինը պիտի կազմուէր՝ օգտուելով համայնքին տրուած վարչական արտօնութիւններէ եւ իրաւունքներէ, մարմին մը, որ յետագային իր ենթակառոյցները պիտի ունենայ եւ պիտի կազմակերպէ համայնքային կեանքը՝ իր բովանդակ առումներով՝ ելեւմտական, կրթական, վարչական, մշակութային եւ կազմակերպչական։
«Ի՞նչ ունինք ի ձեռին, ունինք ժողովուրդին կողմէ ընտրուած վարչայիններ, ազգային բարերարներ, որոնք կը հովանաւորեն մշակութային ու ընկերային միջոցառումները կամ նիւթական աջակցութիւն ցոյց կու տան սա կամ նա հաստատութիւններուն, բայց այդ բարերարները չեն կրնար մասնակցիլ վարչական գործերուն, ունինք Սանուց միութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, որոնք ծառայութիւն կը մատուցանեն համայնքին, ունինք պարախումբեր, մարզական ակումբներ, որոնք ձայնի իրաւունք չունին համայնքապատկան կալուածներու համար», ըսաւ պատրիարքը։
Շարունակելով, պատրիարքը ունեցաւ ազդարարիչ պատգամներ. ան նշեց որ հրատապ հարց է այն, թէ ի՛նչ կրնանք ընել համայնքապատկան կալուածները ամբողջ համայնքին բարօրութեան ծառայեցնելու ուղղութեամբ։ Շեշտելով որ պաշտօնական կառոյց մը չենք կրնար հիմնել, Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ որ պէտք է հաստատենք հասարակաց վճռակամութիւն մը։ Պատրիարք հօր խօսքերը շատ իմաստալից ու հրահանգիչ շունչ մը ունէին եւ ան սապէս շարունակեց ելոյթը.
«Մենք ընտանիք մըն ենք, մենք համայնք մըն ենք, կը կրենք հայ քրիստոնեայի անունը, բոլորս ալ նոյն ձեւով մկրտուած ենք, մեր բոլորին մտահոգութիւնները նոյնն են եւ ուրիշ բան չունինք մեր ձեռքին մէջ։ Մենք որպէս հոգեւորական, դուք ալ որպէս վարչային, Աստուծոյ կամքով ծառայութեան կոչուած ենք։ Հիմա պատմական հանգրուանի մը սեմին կը գտնուինք։ Հարկաւ դուք պատիւով կը կատարէք ձեր պարտականութիւնները, բայց ատիկա չի բաւեր, պէտք է հաստատենք մարմին մը, որ ամբողջ համայնքին մտահոգութիւնները պիտի դնէ սեղանին վրայ եւ լուծումներ պիտի առաջարկէ համայնքի բարօրութեան համար։ Պատմութիւնը այսպիսի պատասխանատուութիւն մը կրելու հրաւէրը ուղղած է այսօր մեզի, որովհետեւ կրնանք օր մըն ալ հասնիլ այնպիսի պահու մը, երբ առանձինն չենք կրնար պահել մեր բերդերը։ Պէտք է ստեղծենք համայնքային միասնութիւն եւ ամբողջութիւն, եկեղեցական ու աշխարհական ամբողջութիւն։ Այդ ամբողջութենէն ոյժ կը ծագի եւ պարտաւոր ենք այդպիսի ոյժ մը ստեղծել միասնական ջանքերով ու բարի կամեցողութեամբ։ Այսօրուան ժողովը պատմական ժողով մըն է եւ մենք պատմութիւն կը գրենք՝ ըլլալու կամ չըլլալու պատմութիւն։ Կա՛մ դարձեալ պիտի փայլեցնենք հայու հանճարը, պիտի փարատենք այս քաոսային վիճակը եւ իսկական առաջնորդութիւն մը պիտի մատուցանենք մեր համայնքին, կա՛մ պիտի ձախողինք ու պիտի տեսնենք որ մեր արժէքները փուլ կու գան մեր գլխուն վրայ», կը գրէ «Մարամարա»ն։
Ժողովականներէն խնդրելով որ շինիչ ու հաշտարար մերձեցումով յայտնեն իրենց կարծիքները, պատրիարքը աւելցուց, որ ժառանգութիւն մը պէտք է թողունք մեր գալիք սերունդներուն, համայնքապատկան կալուածները կարեւոր են, բայց գլխաւորը անոնք չեն, գլխաւորը միասնութեան ոգին է, այսօր՝ այս յարկին տակ ստեղծուած միասնութիւնն է, զոր որպէս ամենամեծ բարոյական հարստութիւն՝ պէտք է փոխանցենք գալիք սերունդներուն։
Պատրիարքին բացման ելոյթէն ետք, ժողովի մասնակցողներէն անոնք, որոնք կ՛ուզէին ելոյթ ունենալ եւ իրենց տեսակէտները յայտնել, իրենց անունները արձանագրել տուին, եւ կարգաւ խօսք առին անոնք։
Ելոյթներէն ետք քննարկումի դրուեցաւ այն հարցը, թէ քանի՛ հոգիէ պէտք է բաղկանար կեդրոնական սեղանը։
«Առաջարկուեցաւ որ այդ մարմնին անդամակցին պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ ատենապետները այն թաղերու, ուր դպրոց կայ, նաեւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ատենապետը, պատրիարքական փոխանորդը եւ Կրօնական ժողովի ատենապետը եւ երկու տարուան ժամանակաշրջանով երեք ատենապետները այն թաղային խորհուրդներուն, ո-րոնք վարժարան չունին։ Առաջարկը ընդունուեցաւ եւ կազմուեցաւ քսան հոգինոց խումբ մը։ Վարժարան չունեցող թաղերէն պատրիարք հօր առաջարկով երկու տարուան համար ընտրուեցան Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս, Կէտիկ Փաշայի Ս. Յովհաննէս եւ Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները։
«Կազմուած մարմինը տակաւին իր վերջնական անունը չունի, թէեւ կ՛ըսուէր որ անիկա պիտի ըլլար ՄԷՄԱ (Մէրքէզի Մասա), բայց անունը կրնայ փոխուիլ։ Կեդրոնական սեղանը կազմուած է եւ հիմա պիտի սպասենք յառաջիկայի զարգացումներուն», կ՛եզրակացնէ «Մարմարա»ն։