ԵՐԵՒԱՆ.- 24 Փետրուարին, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցին աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ գործող Հայ Դատի առաւել քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ շուրջ 50 ներկայացուցիչներ:
Համաժողովին օրակարգը կը վերաբերի Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներու բոլոր ոլորտներուն՝ Արցախի տագնապէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցումներ եւ Թուրքիա-Ատրպէյճան հակահայ պայքար:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորին թիկունքը հայկական երկրորդ բանակն է՝ Հայ Դատի յանձնա-խումբերու ցանցը, որ աշխարհի տարածքին կը պաշտպանէ հայութեան շահերը։ Ան մատնանշեց այն 4 ուղղութիւնները, որոնց շեշտադրումով կ՛աշխատին Հայ Դատի գրասենեակները, եւ որոնք պիտի քննարկուին նշեալ խորհրդաժողովին։
Առաջինը Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու ուղղութիւնն է. Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային, Հայ Դատի յանձնախումբերը պետականութեան ամրապնդման աշխատանքին լծուած են, ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան՝ աւելցնելով, որ Արցախի պարագային առաջնահերթութիւնը նախ՝ ազատագրումէն ետք հիմնահարցի լուծում գտնելն է ինքնորոշման իրաւունքի կիրառումով, միւս կողմէ, Արցախի ճանաչման հարցը ուղղակիօրէն յառաջ մղել։
Երկրորդ ուղղութիւնը, ըստ անոր, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցն է՝ մինչեւ վերջնանպատակ՝ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ պահանջատիրութիւն։
Երրորդը հայապատկան հողերու վրայ հայութեան իրաւունքներու հարցն է։ Հայաստանէն աքսորի 70 երկար տարիներուն, ՀՅԴն աշխատանք տարած է, որ հայութիւնը մնայ միասնական, հայրենակեդրոն եւ Սփիւռքի մէջ կազմակերպուի անոր աշխատանքը։
Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին՝ այս բաժինին վերջին ենթամասը յարաբերութիւններն են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գործող այլ ազգային փոքրամասնութիւններու՝ քիւրտերու, տերսիմցիներու եւ լեզկիներու հետ, նաեւ աշխարհի տարածքին գործակցութիւնը ներկայացուցիչներուն հետ այն ժողովուրդներուն, որոնք հայերուն նման անցեալ եւ նման ճակատագիր ունեցած են, երբ Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած են. յոյն, ասորի ու կիպրացի գաղութներուն մասին է խօսքը։
Չորրորդ եւ վերջին ուղղութիւնը հայ ժողովուրդի քաղաքականացման հարցն է, բայց մանաւանդ երիտասարդութեան քաղաքականացումէն ետք զայն տարբեր աշխատանքներու մղելը. «Որպէսզի երբեմն ալ բերդը ներսէն գրաւենք»։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ Հայ Դատի գրասենեակները շարունակական կապի մէջ են արտաքին գործերոց նախարարութիւններու հետ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի պարագային, որպէսզի թէ՛ համադրեն կատարուած աշխատանքը եւ թէ մօտեցումները տարբեր ըլլալու պարագային, փոխանակեն տեղեկատուութիւնը։
Ըստ անոր՝ խորհրդաժողովին պիտի քննարկուին նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, առհասարակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հակահայ պայքարի նոր փուլը, Ջաւախքի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը։ «Մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ պոլսահայութեան օժանդակութեան հարցը։ Խորհրդաժողովը պիտի համադրէ մարտավարական քայլերը, որովհետեւ մէկուն կողմէ գործադրուող յատուկ ծրագիրները կրնան օգտակար օրինակ ըլլալ այլոց համար։ Անհրաժեշտ է, որ այդ յաջողած փորձառութիւնը կարենանք փոխանակել», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով Միւնիխի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանավէճին եւ վարչապետին հասցէին կատարուած քննադատութիւններուն՝ ըսաւ, որ ինք չի կիսեր այն մօտեցումը, թէ նման հրապարակային բանավէճի ատեն կ՛ըսեն՝ ասիկա ըսաւ, ատիկա չըսաւ։ «Դա բանակցութիւն չէ, դա ընդամէնը սահմանափակ ժամանակով, սահմանափակ հնարաւորութիւններով բանավէճ է. թէ բանավէճն ինչ տուեց, դա ուրիշ հարց է: Բանավէճը կողմերից ոչ մէկի շահերից չէր բխում, ոչ էլ բանակցութիւնների շահերից էր բխում, այն պարզապէս կազմակերպիչների շահերից էր բխում: Կազմակերպիչները յաջողեցին կողմերից երկուսի ղեկավարներին հրապարակաւ բանավէճի հանել, այդքանը: Բայց ասել, որ սա ասաց մեր վարչապետը, այն չասաց մեր վարչապետը, դա չէ չափանիշը որոշելու՝ այս իշխանութիւնների քաղաքականութիւնն ինչ է», ընդգծեց ան:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ըսաւ, որ իրենց համար ներկայիս կարեւորագոյն աշխատանքը այն է, որ Ամերիկայի կողմէ Արցախին տրուող օգնութիւնը շարունակական ըլլայ։ «Հոս գործունէութեան մեծ դաշտ կայ, այդ բանավէճերը տեղի կ՛ունենան Քոնկրեսի, Սպիտակ տան հետ, կան անձեր, որոնք կ՛ուզեն այդ օգնութիւնը դադրեցնել: Մենք այս առումով պատերազմական դաշտի մէջ ենք: Նախորդ շաբաթ շուրջ 40 հազար պատգամներ ուղարկեցինք Քոնկրեսին, 10 հազար ամերիկահայ նամակներ՝ քոնկրեսականներուն, որ այդ օգնութիւնը շարունակուի», նշեց Համբարեան։
Անդրադառնալով վերջերս Քոնկրեսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին՝ Րաֆֆի Համբարեան ըսաւ. «Մեր նպատակը արդարութեան հասնելն է, իսկ անիկա պիտի իրականանայ, երբ Սպիտակ տունը եւս խզէ լռութիւնը Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցով: Քոնկրեսին որոշումը դրական էր, հիմա յաջորդ քայլը Սպիտակ տունն է, երբ հոն եւս մերժումը յաղթահարենք, արդարութիւնը աւելի մօտ պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին համար: Մենք հիմա այդ պայքարը կը մղենք. վստահ եմ, որ պիտի շահինք: Արդարութիւնը պիտի գայ, հարցը միայն ժամանակն է: Մեր աշխատանքը այդ արդարութիւնը աւելի արագ բերելու մէջ է», յայտնեց Րաֆֆի Համբարեան։
Նշենք, որ 25 Փետրուարին, խորհրդաժողովը պիտի շարունակուի Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ: