ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը պահեստային ֆոնտէն արտաքին գործոց նախարարութեան յատկացուեց 12,275 միլիոն դրամ՝ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն անձնագիր տալու համար նախատեսուած պետական տուրքը վճարելու համար:
Ըստ հիմնաւորման, կառավարութեան որոշման համաձայն, օտար պետութիւններու մէջ վաւերական Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր տալու կամ փոխանակելու համար պետական տուրքի վճարումէն զերծ կը մնան ազգութեամբ հայ այն օտար քաղաքացիները կամ Հայաստանի քաղաքացիները, որոնց մնայուն բնակութեան օտար պետութեան մէջ ստեղծուած է այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներու կեանքին կամ առողջութեան:
Ասկէ մեկնած, վերջին երեք ամիսներուն առանց պետական տուրք վճարելու, Հայաստանի անձնագիր ստացան 205 սուրիահայեր։