ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը յայտնեց, որ հրապարակած է երեք նոր յուշադրամներ՝ Խրիմեան Հայրիկի (արծաթ) եւ Ժանսեմի նուիրուած (արծաթ եւ ոսկի)։
Հասարակական, քաղաքական, մշակութային գործիչ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին նուիրուած յուշադրամին դիմերեսը Խրիմեան թանգարան-պատկերասրահի շէնքն է, զարդանախշ՝ վարդեակ, «Երկաթէ շերեփ» յուշաղբիւրէն հատուած (գործ՝ Արեգ Իսրայէլեանի), Խրիմեան Հայրիկին պատգամը եւ ստորագրութիւնը: Դարձերեսը՝ Խրիմեան Հայրիկի դիմապատկերը: Ուրուանկարներուն հեղինակն է Էդուարդ Կուրղինեան:
Ֆրանսահայ նշանաւոր նկարիչ Ժանսեմի դրամներէն արծաթին դիմերեսը՝ հատուած կայ նկարիչին «Կակաչներ» (1982) պաստառէն, դարձերեսը՝ Ժանսեմի դիմանկարը եւ հատուած նկարիչին «Դեղին Հագուստով Կինը» (1968) կտաւէն: Ուրուանկարներու հեղինակ՝ Լուսինէ Լալայեան: Ոսկի դրամին դիմերեսը՝ դրուագ անոր «Դիմակներով Կինը» (1978) կտաւէն, դարձերեսը՝ Ժանսեմի դիմապատկերը, իսկ ուրուանկարներու հեղինակ՝ Էդուարդ Կուրղինեան: