ՊԷՅՐՈՒԹ.- Շաբաթ, 22 Փետրուարի երեկոյեան, Եղիշէ Մանուկեան Ազգային քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի աշակերտական մրցանքին բացումը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մրցանքի վարիչ Վարուժան Թէնպէլեան, որ լուսարձակի տակ առնելէ ետք Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրական թելադրանքով 2009ին հաստատուած «Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքին վերջին տասը տարիներու նուաճումները՝ յայտնեց, թէ այս տարի մրցանքը ենթարկուած է ձեւի փոփոխութեան՝ միջ-դպրոցական հանդիպումներու տարազաւորումով եւ բերանացի հարցում-պատասխանի դրութեամբ: Մրցանքը կ՛ընդգրկէ հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան, կրօնագիտական նիւթերու եւ հայ մշակոյթին վերաբերող հարցումներ, ինչպէս նաեւ ասմունքի եւ երգի բաժին մը: Մրցումները տեղի կ՛ունենան խմբակներու դրութեամբ, դատական յատուկ կազմի մը հսկողութեամբ: Մրցումները կը տարածուին եօթը հանգրուաններու վրայ:
Առաջին հանգրուանին յաղթանակ ապահովողը եղաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը, իսկ երկրորդին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին Դպրեվանքը:
Յիշեցնենք, որ բոլոր մրցումները տեղի կ՛ունենան Եղիշէ Մանուկեան Ազգային քոլեճի սրահին մէջ:
Զտումի մնացեալ հանգրուանները նախատեսուած են 14 Մարտին, կիսաւարտական մրցումները տեղի պիտի ունենան 28 Մարտին եւ 4 Ապրիլին, իսկ աւարտական մրցումը՝ 25 Ապրիլ 2020ի երեկոյեան: