ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 7 Մարտին, Ուաշինկթընի Սուրբ Գիրքի թանգարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ Տաթեւի վանական համալիրի մանրակերտը եւ Տաթեւի թանգարանային հատուածին մէջ գտ-նուող 15-16րդ դարերու հայկական խաչքարի կրկնօրինակը։
Ցուցանմոյշները թանգարանին նուիրած են Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ ¤ԻՏԷԱ) հիմնադրամը եւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը՝ «ՏաԹեւեր» ճոպանուղիի կառուցման եւ «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրին տասնամեակին ընդառաջ։
«Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրին ծիրին մէջ կ՛իրականանայ Հայաստանի 9րդ դարու հոգեւոր, մշակութային եւ լուսաւորչական կեդրոններէն մէկը հանդիսացող Տաթեւի վանական համալիրին վերականգնումը։ Մշակութային ժառանգութեան պահպանումը ԻՏԷԱ հիմնադրամի հիմնական ուղղութիւններէն մէկն է, որուն մասին կը վկայեն հիմնադրամին առաւել քան 150 ծրագիրները՝ նուիրուած մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգման Հայաստանի եւ հայկական աշխարհի մէջ։
Նուիրուած գործերը պիտի դառնան Ուաշինկթընի Սուրբ Գիրքի թանգարանին մէջ Տաթեւի վանական համալիրը ներկայացնող մնայուն ցուցանմոյշներ։ Անոնք պիտի ցուցադրուին նաեւ «Աստուածաշունչ», «Հայաստանը եւ Սուրբ Գիրքը» խորագիրով մեծ ցուցահանդէսին Սեպտեմբեր 2021էն 2022ի Մարտ ամիսը։ Ցուցահանդէսը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանին, որ 301ին առաջին երկիրն էր, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունած էր։
«Տաթեւի վանական համալիրը պիտի ունենայ առանձնայատուկ դեր նշեալ ցուցահանդէսին մէջ։ Յոյս ունինք, որ ցուցահանդէսին այցելուները կ՛ոգեշնչուին եւ փափաք կը յայտնեն այցելելու տեսարժան վայրերով հարուստ պատմական Տաթեւը։ Ասիկա պիտի ըլլայ առաջին մեծածաւալ ցուցահանդէսը Հայաստանի եւ Աստուածաշունչի մասին, որ առանձնայատուկ կերպով պիտի շեշտէ ամերիկահայերուն եւ Սփիւռքի կապը Սուրբ Գիրքին հետ։ Անիկա պիտի ըլլայ նաեւ մինչեւ այսօր արհեստագիտականօրէն ամէնէն յառաջադէմ ցուցահանդէսը Հայաստանի մասին եւ պիտի ներառնէ արուեստի բազմաթիւ նոր գործեր, որոնք երբեք չեն ցուցադրուած արտերկրի մէջ», յայտնեց Ուաշինկթընի Սուրբ Գիրքի թանգարանի ցուցահանդէսներու գլխաւոր համադրող Ճեֆրի Քլոհըն։
Այցելուները պիտի ծանօթանան հայերէն Աստուածաշունչին, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ծիսակատարութիւններուն եւ պատարագին, հայոց լեզուին եւ այբուբենին, հայ եկեղեցական արուեստին եւ մշակութային ժառանգութեան, 1915ի ողբերգութեան, հայերու ազգային ինքնութեան վերականգնման եւ վերածնունդի պատմութեան՝ անբաժանելիօրէն կապուած Աստուածաշունչին հետ։