Սուրիոյ Հայ աւետարանակն համայնքի պետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան 3էն 8 Մարտին հովուական առաքելութեամբ կը գտնուէր Գերմանիա:
Ան շարք մը դասախօսական ելոյթներ ունեցաւ Գերմանիոյ հինգ նահանգներու մէջ՝ Շթութկարթ, Հանաու (Պատ Հոմպըրկ), Համպուրկ, Պերլին եւ Պոնն:
Համայնքապետին ելոյթներուն հիմնական առանցքն էր՝ ներկայացնել Սուրիոյ ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ քրիստոնէութեան դիմագրաւած այժմու մարտահրաւէրները:
Վերապատուելին 4 Մարտին մասնակցեցաւ Հանաու քաղաքի ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած յիշատակի արարողութեան՝ դատապարտելով մարդկութեան դէմ իրագործուած արարքը, որուն հետեւանքով երկու շաբաթ առաջ զինեալ ուժերու կողմէ 10 անհատներ սպաննուեցան:
Համայնքապետը զանազան լրատուամիջոցներու հետ ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ հետեւեալը. «Սուրիոյ հայ համայնքը պիտի մնայ հաւատարիմ իր քաղաքացիական պարտականութիւններուն եւ քրիստոնէական հաւատքին: Հաւատքով, եղբայրասիրութեամբ, ազնիւ վերաբերմունքով հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն գոյակացութիւնը երաշխաւորող տրամադրութիւններ պիտի ստեղծենք, որ մեր հիմնական պարտականութիւնը պիտի սեպուի: Վերականգնումի ուղիով դարձեալ պիտի շէնցնենք մեր գաղութը»:
Արծարծուած նիւթերուն կողքին, վերապատուելին յատկապէս մատնանշեց Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին պահանջատիրական կեցուածքը եւ հետեւողական դիրքորոշումը այս առնչութեամբ:
8 Մարտին, Պերլինի Մայր տաճարին մէջ (գերմաներէն՝ Berliner Dom) համայնքապետ վերապատուելին Կիրակնօրեայ պաշտամունքին ընթացքին պատգամ ուղղեց եւ հաղորդութիւն մատուցեց ներկաներուն: