ՓԱՍԱՏԻՆԱ․- TMZ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փասատինայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, 19 Մարտին մահացաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած Ճեֆրի Ղազարեան, որ 34 տարկան էր։
Կը կարծուի, որ Կլենտորայի բնակիչ Ճեֆրի Ղազարեան «Քորոնա» ժահրով վարակուած է մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, Ֆլորիտա կատարած իր այցելութեան ընթացքին։
Ճեֆրի Ղազարեան 2016ին յաղթահարած էր ամորձային քաղցկեղը, իսկ պատանութեան շնչառութեան բարդութիւններ դիմագրաւած էր։
Ծաղիկ հասակին երիտասարդ մը կը կորսնցնենք, ի՝նչ ցաւալի է ծնողքին: Աստուածային մխիթարանք կը մաղթենք սիրելիներուն համար: