ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի հանրային առողջապահութեան բաժանունքը հաղորդեց, թէ 24 Մարտին «Քորոնա» ժահրին պատճառով երեք մահեր արձանագրուած են գաւառի տարածքին։ Զոհերէն մէկը 18 տարիքը չբոլորած անչափահաս մըն էր, Լենքեսթըրէն, որ հանդիսացաւ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ առաջին անչափահաս զոհը։
Նշենք, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրին զոհերուն մեծամասութիւնը տարեցներ կամ այլ հիւանդութիւններ եւս ունեցողներ եղած են, իսկ անչափահասներու մահուան պարագաները հազուագիւտ են։
Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած մօտաւորապէս 700 հիւանդներէն 11ը մահացած է։