ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ, հակառակորդին կրակոցներէն պայմանագրային զինուոր մը վիրաւորուեցաւ։ Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։
«Հակառակորդի կրակոցները լռել են հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններից յետոյ», նշեց ան։
Ըստ Ստեփանեանի՝ ատրպէյճանական կողմէն զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չկան, իսկ խօսակցութիւնները, թէ առաջին կրակողը հայկական կողմը եղած է, հակառակորդին ապատեղեկատուութեան դրսեւորումն են։
Շուշան Ստեփանեան ընդգծեց, որ այժմ սահմանին վրայ իրավիճակը հանգիստ է:
Աւելի կանուխ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ յայտնած էին, որ Տաւուշի կողմէն հայկական զինուած ուժերու սադրանքը կասեցուցած են: