ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 28 Մարտին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ պիտի կատարուի Հանրապետական մաղթանք՝ մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար: Այս առիթով, դուրս պիտի բերուի նաեւ Հայոց եկեղեցւոյ մեծագոյն սրբութիւններէն՝ մեր հաւատքի հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը։ Այս մասին կը հաղորդէ ter-hambardzum.net-ը:
Հաւատացեալներուն համար արարողութիւնը պիտի հեռարձակուի երեկոյեան ժամը 6ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի 1ին ալիքէն եւ «Շողակաթ» կայանէն։