ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն».- Ի հետեւումն Անգարայի մէջ Գանատայի դեսպանատան «Թուիթըրի վրայ գրութեան, որ կը մերժէ 31 Մարտի Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգին արդիւնքները, Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդէս եկաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղուած յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, որուն մէջ կը դատապարտէ դեսպանատան անհիմն յայտարարութիւնները եւ յաւելեալ պարզաբանումներ կը պահանջէ հարցին վերաբերեալ՝ պահանջելով՝ «Թուիթըր»էն իսկոյն վեցնել յայտարարութիւնը:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեան մէջ յստակօրէն կը նշէ, որ խորապէս հիասթափած եւ վրդոված է Անգարայի մէջ Գանատայի դեսպանատան յայտարարութենէն՝ Արցախի արդար եւ ժողովրդավարական հիմքերով ընթացած ընտրութիւններուն վերաբերեալ՝ աւելցնելով, որ Հելսինքեան պայմանագիրով ամրագրուած ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը պէտք է անվերապահօրէն պահպանուի որեւէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Նաեւ կը շեշտուին, որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ցայտուն վկայութիւն են Արցախի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները: Նոյն ժամանակ կը նշուի, որ ազատ կամքի դրսեւորման այս քայլը անտեսելը խոչընդոտ է խաղաղութեան կառուցողական գործընթացին:
Յայտարարութեան մէջ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ նաեւ, որ Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքի դրսեւորումը կարելի չէ անտեսել՝ ի շահ Ատրպէյճանի նման բռնապետութեան մը, որ կը ղեկավարուի մէկ ընտանիքի կողմէ:
Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ կը շարունակէ համագործակցիլ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պատկան այլ մարմիններու հետ, բարձրաձայնելու համար գանատահայութեան մտահոգութիւնները այս գծով:
Ankara first of all has to review his own background.