ԼԱ ՔՐԱՍԵՆԹԱ․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառած վտանգին դիմաց, վեհափառ հայրապետներուն տնօրինումին համաձայն եւ հետեւելով պետական ուղեգիծերուն՝ Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկուան արարողութիւնները եւս պիտի կատարուին դռնփակ՝ առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։
Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու, բոլոր արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, եւ ուղղակի պիտի սփռուին Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի (Facebook) պաշտօնական կայքէջէն (www.facebook.com/WesternPrelacy) հետեւեալ ժամանակացոյցով.
– 9 Ապրիլ, Աւագ Հինգշաբթի
Յիշատակ ընթրեաց Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի
Ս. պատարագ, կ.ա. ժամը 11ին
Պատարագիչ՝ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, հոգեւոր հովիւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ
– Ոտնլուայի յիշատակութեան արարողութիւն, կ.ե. ժամը 4։30ին
Քարոզիչ՝ առաջնորդ սրբազան
– Խաւարման գիշեր՝ յիշատակ չարչարանաց, երեկոյեան ժամը 7ին
Քարոզիչ՝ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, առաջնորդական փոխանորդ
– 10 Ապրիլ, Աւագ Ուրբաթ
Կարգ թաղման, երեկոյեան ժամը 7ին
Քարոզիչ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր տեսուչ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի
– 11 Ապրիլ, Աւագ Շաբաթ
Ճրագալոյց
Ս. պատարագ, կ.ե. ժամը 4։30ին
Պատարագիչ եւ քարոզիչ՝ առաջնորդական փոխանորդ
– 12 Ապրիլ, Ս. Զատիկ
Յարութեան Ս. պատարագ, կ.ա. ժամը 11ին
Պատարագիչ եւ քարոզիչ՝ առաջնորդ սրբազան։
«Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը առցանց սփռումով մասնակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեանց, աղօթքով միանալու եւ Ս. Յարութեան շունչով աղերսելու Յարուցեալ Փրկիչէն, որպէսզի վերջ տայ այս համաճարակին, առողջութիւն պարգեւէ բոլորին եւ մեր հաւատացեալներուն առիթը շնորհէ բնականոն պայմաններու մէջ մասնակցելու սրբազան արարողութեանց», կ՛ըսուի Ազգային առաջնորդարանի յղած հաղորդագրութեան մէջ։