ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան մամուլի եւ տեղեկատութեան բաժինէն տեղեկացուցին, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 92 միլիոն եուրօ՝ Հայաստանի անյետաձգելի եւ կարճաժամկէտ կարիքներուն աջակցելու համար: Օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի բժշկական սարքերու մատակարարման, բժշկական անձնակազմի եւ տարրալուծարանի աշխատակիցներու վերապատրաստման, փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններու եւ գործարար հանրութեան աջակցելու, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրի բռնկման հետեւանքով վնասներ կրած քաղաքացիներու ընկերային եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակներուն: