ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ բոլորս բանտարկուած ենք, օրական մէկ անգամ՝ առտուն, դուրս կ’ելլեմ շունիկս պտըտցնելու: Կը հագուիմ, կը շքուիմ, մազերս խնամքով կը սանտրեմ եւ Չեխովի տիկինին պէս՝ միս մինակ կը պտըտիմ շունիկիս հետ, ասդին-անդին բարեւ տալով ծառերուն, ծաղիկներուն եւ երկինքին մէջ հանդարտօրէն ճամբորդող, ծուէն- ծուէն ամպերուն:
Կ’երեւակայեմ մարդիկ, պատուհաններուն ետին, շատ հաւանաբար «տնային» հագուստներով, մարզանքի լըխ-լըխ տաբատներով, դուրսը չհագցուելիք ծակոտկէն շապիկներով, թափթփած մազերով ու թերեւս նոյնիսկ՝ չլուացուած դէմքերով ու չվրձինուած ակռաներով: Սիրտս վեր կ’ելլէ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ այս օրերուն եւ մանաւա՛նդ այս օրերուն՝ մարդիկ պէտք է ա՛լ աւելի ուշադիր ըլլան իրենց հագուածքին եւ առտնին սովորութիւններուն:
Շունիկս կը կենայ, մանրակրկիտ եւ փութկոտ՝ կը հոտոտայ բոլոր խոտ-գիրերը, իրեն ձգուած՝ չորքոտանի զարմիկներուն կողմէ. կը ստուգէ. կը վերստուգէ. երբեմն կը հրաժարի իրենց պատասխանելէ եւ կը քալէ. յետոյ յանկարծ կը կենայ կարեւոր բան մը մոռցածի պէս եւ ետ կ’երթայ մոռցուած խոտ-գիր մը հոտոտալու: Երկա՜ր զննումէ եւ մտորումէ ետք, կ’որոշէ պատասխանել անոր, ի՛ր ձեւով:
Կը մտածեմ՝ ի՛նչ լաւ կ’ըլլար եթէ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները եւ թերթերը նոյն բծախնդրութեամբ վարուէին իրենց յայտարարութիւններուն կամ հրատարակած յօդուածներուն հետ:
Անցեալ օր, օրինակ՝ ճեմարանականներուն կողմէ ստացայ ել-գիր մը, որուն մէջ կ’ըսուէր. «Հարցերի համար զանգահարեք»: Երկվայրկեան մը շուարեցայ. ճեմարանականները երբուընէ՞ ի վեր աբեղեանական ուղղագրութեամբ կը գրեն. յետոյ ինչո՞ւ ինծի արեւելահայերէնով կը գրուի, երբ արեւմտահայ եմ: Խրտնած կատուի պէս պատրաստ էի ճանկերս դուրս հանելու, երբ նկատեցի, որ ղրկողը միայն… ղրկած էր, փոխանցած էր յայտարարութիւն մը, որ ինչպէս կ’երեւի՝ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ խմբագրուած էր եւ որուն տակ «առօք-փառօք» շարուած էին հայ կազմակերպութիւններու «լոկօ» խորհրդանիշերը՝ Համազգայինէն, ՀՕՄէն, ՀՅԴէն սկսելով եւ հասնելով մինչեւ առաջնորդարան, ՀՄԸՄ, ՀԵԴ…
Խրտնած կատուն վերածուած էր կատղած վագրի եւ գլուխը ասդին-անդին կը զարնէր… մռնչելով:
Պիտի ըսուի .«Այս տիկինը խելքը թռցնելու վրայ է. մենք, որ մահուան դիմաց կեցած՝ կը սարսափինք վաղը պատահելիքէն. մենք, որ գործերը կորսնցուցած ենք եւ ամէն օր նիւթական մտահոգութեան տակ կ՛ընկճուինք. մենք որ կը փորձենք մեր ծառայութիւնները մատուցանել մեր ժողովուրդին՝ պէտք ունի՞նք մտածելու, թէ ի՛նչ լեզուով եւ ի՛նչ ուղղագրութեամբ կը գրենք: Կարեւորը ժողովուրդին որպիսութիւնը չէ՞»:
Իսկ շունիկով տիկինը կը պատասխանէ.
Դո՛ւք, որ Աւարայրի ճակատամարտը կը տօնէք ամէն տարի եւ Քաջն Վարդանի փոքրաթիւ բանակը կը յիշէք Յազկերտի խոշո՜ր փիղերուն եւ ստուա՜ր բանակին դէմ եւ կը խօսիք հաւատքը վա՛ռ պահելու մասին.
Դո՛ւք, որ ամէն Հոկտեմբերի Թարգմանչաց տօն կը տօնէք եւ փա՜ռք կու տաք Մաշտոցին, որ խօսուած լեզուին աղուոր գիրեր պարգեւեր է եւ մեսրոպեան ուղղագրութիւն.
Դո՛ւք, որ ամէն առիթի կը խօսիք հայու ինքնութենէ եւ պայքարէ՝ ինչո՞ւ կը մեղանչէք: Չէի՞ք կրնար վայրկեան մը կանգ առնել եւ մտածել. «Հոս սովետական Հայաստան չէ. ստիպուած չենք սխալ ուղղագրութեամբ գրելու. հոս Սփիւռք է եւ պարտաւո՛ր ենք ոչ միայն արեւելահայերէն խօսողներու ծառայելու, այլ նաեւ՝ իրենց պապենական հողերէն դուրս շպրտուած եւ հարիւր հինգ տարի մեսրոպեանը կանգուն պահած արեւմտահայերու»:
Հայ Դատի քարտուղարը կամ քարտուղարուհին յանցանք չունի ասոր մէջ, եթէ այդպէս սորված է գրել, բայց անոնք, որոնք պատասխանատու դեր վերցուցած են մեր գաղութին նաւը լեռ բարձրացնելու՝ անպայմանօրէ՛ն պատասխանատու են պատահած անփութութեան եւ անհոգութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է «լոկօ»ներ շարել յայտարարութեան մը տակ, որուն գրութեան ձեւը ամբողջութեամբ դէմ կ’երթայ յանձնառու կազմակերպութիւններու գոյութեան նպատակին իսկ՝ պահել եւ զարգացնել հայոց լեզուն եւ ինքնութիւնը. տէր ըլլալ արդարութեան, ճանչցնել տալ Ցեղասպանութիւնը եւ անոր գործած աւերները, որոնցմէ մէկը ահա՝ լեզուի կորուստը:
Պսակաձեւ ժահրը իր աւերը կը գործէ եւ պիտի շարունակէ գործել, բայց օր մը չէ օր մը՝ պիտի պարտուի: Անկէ աւելի վտանգաւոր է հեղգութեան ժահրը. թուլութեա՛նը. անփութութեա՛նը:
Եկէ՛ք բոլորս ամէն օր հագուինք, շքուինք եւ ուշադրութիւն դարձնենք պզտիկ թուացող, բայց կարեւո՛ր բաներու: Այս օրերուն պզտիկ բաներու կարեւորութիւն տալով է, որ կրնանք առողջ մնալ եւ հոգեպէս հարուստ զգալ: Պսակաձեւ ժահրին տուած հոյակա՛պ առիթէն օգտուելով հայերէ՛ն կարդանք, հայերէ՛ն սորվինք եւ հայերէ՛ն սորվեցնենք: Ամէնէն կարեւորը՝ զիրար չմոռնանք: Ըսել կ’ուզեմ՝ արեւմտահայերն ալ մարդ են:
Զիրենք չմոռնա՛ք: Մեսրոպ Մաշտոցն ալ հոյակապ մարդ էր. զինք ալ չմոռնա՛ք:
Հեռաձայնեցի ձեզի:
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻ՛ՒՆ տիկին Աստուրեանին այս հոյակա՛պ անդրադարձին համար: Ամբողջովին բաժնելով «կատղած վագրի»ն «մռնչել»ու իրաւունքը, յիշեցումի կարգով պիտի ուզէի որ յատկապէս «արեւմտահայ մարդ»-ընթերցողներս ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋ ըլլանք Արեւմտահայերէնը խեղաթիւրող, Մաշտոցը չարչարող երեւոյթներուն եւ արտայայտութիւններուն հանդէպ. ըլլան անոնք՝ ել-նամակ, մշակոյթ պահպանել-տարածելու կոչուած կազմակերպութիւններ, հայատառ մամուլ, թէ՝ Աստուծոյ խօսքը մեկնաբանելու լուծը կրող հոգեւորականներ: Մարդ իսկապէս կը շուարի ինչի՞ վերագրէ այս հետզհետէ ընդարձակուող ժահրը. հեղգութեա՞ն, թէ՝ աններելի տգիտութեա՛ն: