ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա Հայաստանին պիտի տրամադրէ 20 հազար քննութեան սարքեր՝ «Քորոնա»ն ախտորոշելու համար: Ըստ «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան՝ ԵԱՏՄի միջկառավարական խորհրդակցութեան ընթացքին այս մասին յայտնած է «Ռոսպոտրեբնադզօր»ի տնօրէն Աննա Փոփովա:
«Ռուսիա մօտիկ ապագային Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներուն պիտի փոխանցէ քննութեան համակարգեր՝ «Քորոնա» ժահրի առաւել քան 50 հազար հետազօտութիւն կատարելու համար», նշեց ան:
Շնորհակալութիւն։