ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Գերմանիոյ համալսարանանական հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ գիտնականները յոյս ունին դարմանումի նոր միջոցով օգնելու «Քորոնա» ժահրով տառապող հիւանդներուն: Անոնք սկսած են ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներուն մէջ ներերակային եղանակով ներարկել ժահրով վարակուած եւ ապաքինած անձերէ վերցուած ախտամերժ ջրարիւն՝ յուսալով, որ անիկա կը նպաստէ դարմանումին։
Բժիշկները կը հաւատան, որ ախտամերժ ջրարիւնը կրնայ օգնել, քանի որ անիկա իր մէջ ունի յատուկ հակամարմիններ, որոնք փաստօրէն կրցած են յաղթահարել ժահրը, նոյն ատեն շեշտելով, որ այս միջոցը պատուաստի համազօր չէ: