ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ատենէ մը ի վեր, ներկայ իշխանութեան ջատագովական դաշտը ահազանգ կը հնչեցնէր Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման առողջապահական հետեւանքներու կապակցութեամբ։ Մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ լոյս կը տեսնէին թախանձագին կոչեր՝ ուղղուած յատկապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ անյապաղ միջամտութիւն բանեցնելու եւ կասեցնելու ընտրական այս գործընթացը։
Պիտի խոստովանիմ, որ ես եւս եւ, վստահ եմ, ինծի պէս՝ բազմաթիւ ընկերնե՛ր կը բաժնէինք համաճարակի վտանգներուն հետ կապուած վերոյիշեալ մտահոգութիւնները՝ միաժամանակ մնալով այն էական տեսակէտին վրայ, որ ի վերջոյ պէտք էր ապաւինիլ Արցախի պետական ղեկավարութեան դատողութեան եւ սպասել, որ անո՛նք ընեն այս կարեւոր վճռահատումը։ Արցախի պատկան իշխանութիւնները ըրի՛ն վճռահատումը և ընտրական գործընթացը շարունակուեցաւ եւ Մարտի 31ին տեղի ունեցան ընտրութիւնները։ Բայց եւ կանգ չառաւ ՀՀ իշխանութիւններու ջատագովական դաշտի ճնշումը վարչապետ Փաշինեանի վրայ, որ կը մնար յայտնօրէն չէզոք այս խնդրի կապակցութեամբ յուսախաբ ընելով իր բարեկամները։
Այսօր նո՛ր ընդվզումով կը խօսին ջատագովական դաշտի առաջատար ձայները։ Այսօր անոնք դժգոհ են եւ խորապէս յուսախաբ՝ իշխանութիւններու ընդհանրական վարքագծէն։ Համաճարակը դադրած կը թուի իրենց մտահոգութեան եզակի առարկան ըլլալէ։ Այսօր մտահոգուած են, որ ընտրութիւններու արդիւնքով Արցախի պետական բեմին վրայ ուժի դիրքերու տիրացած են հին եւ զեղծարար («կոռումբացուած» հրէշային բառով բնորոշուող) ուժերը…Ըստ իրենց, տապալած է «յեղափոխութեան» արժէքային համակարգը եւ փուլ եկած Արցախի բարոյական վերնաշէնքը։ Վարակի նշոյլն իսկ չկայ այլեւս ներկայ խօսոյթին մէջ։ Վարակը դադրած է շահեկան ըլլալէ։ Ան տժգունած է որպէս թեմա։ Բիւրեղացած կը թուի ըլլալ իրական մտահոգութիւնը, որ այլեւս կապ չունի Արցախի ժողովուրդի առողջութեան հետ։ Մտահոգութիւնը զուտ քաղաքական է այլեւս եւ հեռո՛ւ՝ առողջապահական դրդապատճառներ դրսեւորելէ։
Պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՛ւ։ Ինչո՞ւ դադրիլ առողջապահական ռիսքերուն վրայ եզակիօրէն սեւեռելէ։ Ես կը կարծեմ, թէ սխալ վերակողմնորոշում մը տեղի կ՛ունենայ այս խնդրին մէջ։ Կը կարծեմ, թէ Արցախի ժողովուրդի առողջապահութեան խնդիրը տակաւին առաջնահերթ է այսօր, երբ երկիրը կը պատրաստուի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին։ Թէ ընտրութիւններու առաջին փուլը ի՞նչ հետեւանքներ ունեցած է երկրի հանրային առողջապահութեան վրայ՝ դեռ յայտնի չէ։ Ան պիտի դրսեւորուի շուտով։ Ի սրտէ մաղթենք, որ Արցախը շարունակէ ըլլալ բախտաւոր եւ մնայ ազատ համաճարակի հետևանքներէն։
Մինչ այդ ոչ ոք կրնայ ուրանալ, որ Արցախի իշխանութիւնները կրկին դրուած են երկրի առողջապահական ռիսքերը արժեւորելու մարտահրաւէրին առջեւ։ Վարակի հարցը չէ հեռացած երկրի մտատանջութիւններու ոլորտէն։ Ընդհակառակն, հարցը մօտեցած է շատ աւելի «Քորոնա» ժահրի երեք հաստատուած պարագաներու առկայութեամբ։ Եւ ան նորէն կը գտնուի Արցախի ղեկավարութեան ձեռքերուն մէջ։ Կրկին վճռահատման կարիք կայ եւ շեշտենք, որ այս անգամ եւս ոչ ոք դուրսէն իրաւունք ունի միջամտելու այս գործին։
Շեշտենք նաեւ, որ մասնագիտական օգնութիւն հայթայթել Արցախի իշխանութիւններուն այս խնդրի կապակցութեամբ՝ ազգին բարոյական պարտաւորութիւնն է։ Ցարդ խօսողները ոչ-մասնագէտ (թէկուզ սրտցաւ) ձայներն էին միայն։ Այժմ թող խօսին մասնագէտները եւ թող խօսին առանց յետին մտքի եւ փորձեն օգնել Արցախի ղեկավարութեան այս հարցին մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու։ Եւ այդ բոլորէն ետք ալ տակաւին յոյսերնիս դնենք մեր բախտին վրայ եւ Տէրը ընդ մեզ։
Իսկ ջատագովական դաշտին բարոյական պարտաւորութիւնն է առաջ գալ եւ յստակօրէն լուսաբանել հանրութիւնը, թէ իսկապէս ինչի՛ մէջ կը կայանայ իրենց առարկութիւնը։ Վարչապետ Փաշինեան դրական գնահատական տուած է ընտրութիւններու որակին ւ շնորհաւորած՝ արդիւնքները։ Յայտնօրէն ջատագովական դաշտը դժգոհ է վարչապետի այս գնահատականէն։ Հետևաբար բացատրել պէտք է, թէ ո՛վ է լաւը եւ ո՛վ է վատը ընտրական դաշտին մէջ եւ ինչո՛ւ։ Դաշնակցութեան թեկնածուն չկրցաւ անցնիլ երկրորդ փուլ։ Բնական է, որ մենք եւս յուսախաբուած ենք ընտրութիւններու արդիւնքէն և մենք եւս ունինք կացութիւնը վերարժեւորելու քաղաքական խնդիր։ Բայց իսկապէս շահեկան է գիտնալ, թէ ջատագովական դաշտը ի՛նչ շօշափելի առարկութիւն ունի ներկայացնելիք առաջատար թեկնածուներէն ամէն մէկուն մասին։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ իրենք եւս հիասթափուասծ ըլլան Դաշնակցութեան թեկնածուի պարտութեամբ…Ամէն բան կարելի է։
Մինչ այդ սակայն կայ աւելի մեծ խնդիր մը։ Դժգոհ ձայներու գանգատը այսօր բացառաբար ուղղուած է Հայաստանի իշխանութիւններո՛ւն։ Անոնք հիասթափուած են, որ իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը այն չէ ինչ որ իրենք կ՛ակնկալէին։ Յանկարծ կը պարզուի, որ իշխանութիւնները այլեւս հեռու են յեղափոխական ըլլալէ…Անոնք հեռու են յեղաշրջում յառաջացնելէ։ Անոնք հեռու են կեանքը հիմնովին բարելաւելու յանձնառութենէն։ Այս բոլորը կը ցոլացնեն նոր եզրայանգումներու ջրբաժան մը։
Պէտք է դիտել տալ սակայն, որ արդէն շատ ուշ է այս եզրակացութիւններուն համար։ Ներկայ իշխանութեան համակիրները յեղափոխութիւն փնտռեցին, երբ ընդամէնը իշխանափոխութիւն էր տեղի ունեցածը։ Համակարգային արմատական փոփոխութիւններ ակնկալեցին, երբ իշխանութիւնը կը գործակցէր մենաշնորհային համակարգին հետ։ Անոնք լուռ էին, երբ իշխանութիւնը կ՛օրինականացնէր հարկային համահարթեցումը։ Անոնք լուռ էին, երբ իշխանութիւնը կ՛որդեգրէր իր ներկայ տնտեսական կաղ քաղաքականութիւնը։ Անոնք լուռ էին, երբ վարչապետը փողոցը կը հրահրէր Ազգային ժողովին դէմ զայն (այսինքն՝ փողո՛ցը) «լիազօրելով» որպէս հարազատ իշխանութիւն։ Լուռ էին, երբ ամբոխը իշխանութեան քաջալերութեամբ կը շրջապատէր դատարանները։ Շարքը երկար է։ Պէտք է համբերատար ըլլալ, կ՛ըսէին մեզի ազնիւ եւ երկրին շահերուն նախանձախնդիր ընկերներ։ Իսկ այս եւ բազմաթիւ այլ խնդրայարոյց քայլեր այս իշխանութիւնը ամէն օր կը հեռացնէին Ժողովրդային Շարժման սկզբնական տեսլականէն եւ զայն կը մօտեցնէին նախորդ բոլոր իշխանութիւններու քաղաքական մշակոյթին։ Իսկ այս երեւոյթին դէմ պայքարողը միայն Դաշնակցութիւնն էր։
Պէտք է արդար ըլլանք առանց վարանելու եւ ընդունինք, որ երկիր կառավարելու գործը Հայաստանի մէջ միշտ ալ ականուած գործընթաց մըն է եւ շատ հեռու՝ փողոցի ընթացիկ հռետորաբանութիւններէն։ Եւ այդ մէկը, մեր երկրի պայմաններուն մէջ, հրամայական կը դարձնէր քաղաքական ուժերու շարունակական — եւ թէկուզ դժուարի՛ն — երկխօսութիւնը, որմէ դժբախտաբար խուսափեցաւ ներկայ իշխանութիւնը հետզհետէ աւելի բեւեռացման տանելով երկիրը։
Բայց հիմա արդէն շատ ուշ է վերոյիշեալ աղաղակող խնդիրներուն անդրադառնալու համար։ Հիմա երկիրը — եւ աշխարհ – կը գտնուի համաճարակի հսկայ մարտահրաւէրին առջեւ։ Մարտահրաւէ՛ր՝ որուն առջեւ պարտադրաբար պէտք է ստորադասուին բոլոր միւս քաղաքական խնդիրները, ետ շրջելով բևեռացման անիւը։ Մարտահրաւէ՛ր՝ որ կը պահանջէ մեր ամէնէն հզօր ազգային միասնականութիւնը։ Եւ այս իմաստով՝ բոլորս ալ կը գտնուինք մեր կեանքի հոգեբանական մեծ մարտահրաւէրին առջեւ։
Եկէք ընդունինք, որ այստեղ եւս գործեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արթուն գիտակցութիւնը։ Դաշնակցութիւնը հանրութեան սեղանին վրայ դրաւ հակաճգնաժամային իր համապարփակ ծրագիրը եւ զայն մանրամասնօրէն բացատրեց հանրութեան բոլոր շերտերուն։ ԱՅՍ ԲԱՆԻՆ ՄԷՋ Է, ՈՐ ԱՅՍՕՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ Է ԿԱՆՉՈՒԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ԴԵՌ ՉԷ ԱՐՁԱԳԱՆԳԱԾ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԻՆ։ Միւս հարցերուն օրը անպայման պիտի գայ, բայց նախ մեր երկիրը պէտք է յաջողապէս շրջանցէ համաճարակի արհաւիրքը։
Դաշնակցութիւնը ճիշդ էր իշխանափոխութեան օրերուն իր կարողականութիւնները դնելով ի սպաս հայ պետականութեան հակառակ իր շարք մը սկզբունքային վերապահութիւններուն եւ ճիշդ է այսօր։ Դժբախտաբար իշխանութիւնը ցարդ չկրցաւ իր գործին մէջ ընդգրկել Դաշնակցութեան տեսլականը եւ կը շարունակէ խարխափիլ։
Մաղթենք սակայն, որ ան այսօր ընդառաջէ Դաշնակցութեան հակաճգնաժամային ռազմավարութեան եւ երկրին դիմագրաւած մեծ վտանգներուն դիմաց ի վերջոյ գոյանայ քաղաքական ուժերու միասնականութեան հզօր պատնէշը։ Օր մը հին համակարգը եւ հին յարացոյցը պիտի դուրս դրուին մեր երկրի աղաւաղուած կենսոլորտէն։ Ես հաւատացած եմ, որ Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ այդ իսկական յեղափոխութեան անկեղծ ու հաւատաւոր զինուորը։