
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Մինչ աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերու պարագաներուն թիւը 14 Ապրիլին անցաւ 2 միլիոնի սահամանը, իսկ զոհերունը՝ 120,000ի, շարք մը երկիրներ արդէն քայլեր կ՛առնեն տնտեսութիւնը աստիճանաբար վերաբանալու ուղղութեամբ:
Վրաստան յոյս յայտնած է Մայիսին աստիճանաբար վերաբանալու տնտեսութիւնը, եթէ քաղաքացիները կատարեն իշխանութիւններուն խորհուրդները եւ պահպանեն սահմանուած կարգը։ Հոն ցարդ արձանագրուած են վարակման 296 պարագաներ եւ մահացած են 3 անձեր։
Աւստրիոյ մէջ սահմանափակումներէն ետք առաջին անգամ ըլլալով 14 Ապրիլին վերաբացուած են հազարաւոր խանութներ: Հոն վարակման 14,184 պարագաներ արձանագրուած են, եւ մահացած են անոնցմէ 384ը:
Համաճարակէն ամէնէն շատ տուժած երկիրներէն Սպանիոյ մէջ եւս շարք մը ընկերութիւններու արտօնուած է վերաբանալ իրենց դռները: Անոնց շարքին են շինարարութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտի ընկերութիւնները, իսկ խանութները, սրճարանները, հանրային այլ վայրերը փակ պիտի մնան առնուազն մինչեւ 26 Ապրիլ:
Սպանիոյ մէջ շրջագայութեան սահմանափակումները զսպած են համաճարակին տարածումը ոեւ նուազեցուցած մահերուն թիւը, որ գագաթնակէտին հասած էր Ապրիլի սկիզբը: Հոն արձանագրուած են վարակման 172,541 պարագաներ եւ 18,056 մահեր:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւս կը մշակէ տնտեսութիւնը վերաբանալու ծրագիր մը: Երկրին մէջ կան առաւել քան 590,000 վարակումներ եւ 24,600 մահեր։
նկար