ԼՈՆՏՈՆ․- Սուրիոյ քիւրտերու ձախ քաղաքական թեւը հանդիսացող Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան գլխաւոր խորհուրդը պահանջած է Թուրքիայէն` վերցնել քիւրտերու ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ տեսակցութեան արգելքը: Այս մասին կը հաղորդէ քրտական «Ահվալ» կայքը:
Թուրքիա շարունակաբար արգելքներ կը ստեղծէ Օճալանի հետ տեսակցութիւններուն:
«Մինչ ամբողջ աշխարհը «Քորոնա» ժահրի ստեղծած բացասական երեւոյթներուն պատճառով լարուած վիճակի մէջ է, թրքական պետութիւնը նոյնիսկ այս պայմաններուն մէջ կը շարունակէ քիւրտ ժողովուրդին հանդէպ թշնամութիւնը՝ թէ՛ երկրին մէջ եւ թէ երկրէն դուրս: Թուրքիա, Սուրիոյ քիւրտերուն հանդէպ տածած թշնամութեան պատճառով կը շարունակէ աւազակախումբերու աջակցիլ: Թրքական պետութիւնը կը շարունակէ քաղաքական գործիչներու եւ լրագրողներու հանդէպ ճնշումները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: