ՄԱԿ․- ԵՈՒՆԻՍԵՖը յայտնեց, թէ մտահոգ է Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ «Քորոնա» ժահրին ունենալիք ազդեցութեամբ՝ յատկապէս երեխաներուն վրայ, նախատեսելով, որ նշեալ շրջաններուն մէջ աղքատներուն թիւը պիտի աւելնայ 8 միլիոնով, որոնց կէսը պիտի ըլլան մանուկներ:
«Շրջանին մէջ երեխաներուն կէսը կը տառապի զանազան մակարդակի աղքատութենէ, ինչպէս նաեւ կրթութեան, ապաստանի եւ սնունդի բացակայութենէն», կը տեղեկացնէ ԵՈՒՆԻՍԵՖը: