«Օգնէ՛ մեզի, Տէ՜ր, Քու անուանդ փառքին համար փրկէ՛ մեզ» (Սղ. 44.26)։
Յարուցեալ զՔրիստոս իր կեանքի գերագոյն իմաստն ու յարացոյցը դարձուցած հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ այս աղերսը բարձրացուց՝ զԱստուած օգնութեան կանչելով, Իր զօրութեան ապաւինելով եւ զԻնք իր կեանքի ուղեցոյցը ընտրելով։
Քրիստոսի ապաւինող հայ ազգը երբեք ամօթով չմնաց, որովհետեւ Աստուծոյ կենդանի ու կենդանարար Խօսքը կեա՛նք տուաւ իրեն։ Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին բազում աւերներ ու հողմեր տեսաւ, բազմիցս գերեզման իջաւ, բայց Քրիստոսի Յարութեան օրինակով՝ վեր յառնեցաւ, հաւատալով իր հոգւոյն մէջ առկայծող լոյսին ու յոյսին, իր փրկութեան, վերածնունդին եւ վերականգնումին։ Ահա այս հաւատքով վերապրեցանք մեր պատմութեան ամենամեծ ողբերգութիւնը` մեր ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը։
1895էն մինչեւ 1915 եւ անկէ անդին, ցեղասպան թուրքը որոշած էր բնաջնջել խաղաղակեաց լուսաբաղձ ժողովուրդն հայոց։ Օսմանեան Թուրքիոյ Իթթիհատական կառավարութեան վարիչները տարիներու վրայ երկարող իրենց ոճիրներով գերազանցեցին Սուլթան Համիտի ու այլ դահճապետներու հայաջինջ վարքագիծը: Անոնք գաղտնօրէն ծրագրեցին ու պետական վարչամեքենային բոլոր միջոցներով իրականացուցին 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, որ յետագային օրինակ ծառայեց ցեղասպանական այլ արարքներու: Թալէաթներն ու Ճեմալ փաշաները որոշած էին վերջնականապէս լուծել Հայկական Հարցը, ու լաւագոյն պարագային, միայն մէկ հայ պահել իբրեւ թանգարանային նմոյշ: Այս ահաւոր ծրագիրին համար, անոնք գիտէին միայն մէկ միջոց. զանգուածային ջարդերն ու հայութեան արտաքսումն ու բնաջնջումը իր պապենական հողերէն:
Փորձեցին. բայց յաջողեցա՞ն: Ո՛չ, երբե՛ք:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը գեղեցկօրէն կը բնութագրէ հայու հողին հետ կապուածութիւնը՝ ըսելով. «Հողն ալ սիրտ ունի՝ եթէ սիրտ ունինք այդ սրտին տրոփը զգալու։ Հողն ալ կեանք ունի՝ եթէ շունչ ունինք այդ կեանքին շունչը զգալու։ Կրակը կրցաւ այրել դաշտին խոտը, ցորենին ցօղունն ու հասկը, ծառին ճիւղն ու պտուղը, տունին գերանն ու ձեղունը։ Հարուածը կրցաւ քանդել պատն ու սիւնը, խորտակել քանդակն ու խաչքարը։ Բայց ո՛չ կրակը եւ ոչ ալ հարուածը կրցան իջնել մինչեւ հողին ու քարին սիրտը, ուր կը բաբախէր Հայուն Սիրտը»։ Այո՛, այդ սիրտին տէրը նոյնինքն սրտոտ հայ ժողովուրդն է։ Անոր գաղտնի ճամբան միայն ի՛նք գիտէ, որովհետեւ հո՛ն դրած է իր սիրտը եւ ցանած իր կեանքը։ Որովհետեւ հո՛ն է իր «գանձը»՝ իր հաւատքն ու ողջ պատմութիւնը։
Սիրելինե՛ր,
Մեր Ս. նահատակներու ոգեկոչման օրը՝ Ապրիլ 24ը սովորական օր մը չէ, այլ մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան, մեր զգացումներուն ու մտածումներուն, այլ խօսքով մեր գոյութեան հետ սերտօրէն շաղախուած յուշ է, յուշարար ոգի ու տեսիլք։ Մեր Ս. նահատակներու բարեխօսութեան ապաւինած, մեր հաւատարմութեան եւ ուխտի վերանորոգման օրն է Ապրիլ 24ը, իսկ հաւատարմութեան նախապայմանն ու գրաւականը միշտ յիշելն է, անցեալը յիշեցնելն է, ապագայատեսիլ խոյանքով եւ արդարութեան տեսիլքով յառաջ երթալն է։ Սակայն չի՛ բաւեր միայն յիշել եւ յիշեցնել, այլ անհրաժեշտ է զայն մեր կեանքով ու գործով թարգմանել պայքարի՝ ի խնդիր մեր Ս. նահատակներու սրբազան կտակի կենսագործման, մեր արդար պահանջատիրութեան իրականացման եւ հատուցման։
Եկէ՛ք, այսօր, դարձեալ ուխտենք մեր 1.5 միլիոն անմեղ սուրբերու յիշատակով առկայծ, կառչած մնալ մեր հայրերու հաւատքին ու աւանդին եւ հաւատարմութեամբ յարատեւել՝ ի խնդիր մեր գոյութեան ամրացման, մեր ինքնութեան անաղարտ պահպանման եւ յատկապէս պայքարինք մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման եւ հատուցման՝ ի շինութիւն եւ ի բարգաւաճումն մեր ազգին ու հայրենիքին։
Արդ, մեր 1.5 միլիոն սուրբերու բարեխօսութեամբ աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ աշխարհէն հեռացնէ «Քորոնա» ժահրի այս համաճարակը, Իր հովանին անպակաս ընէ իւրաքանչիւր հայ օճախի վրայէն, համբերութիւն ու խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհիս, մեր ազգը առաջնորդէ մեր հաւատքի եւ ինքնութեան ամրապնդումով, սիրով ու համերաշխութեամբ։
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին միշտ ապաւինած է Տիրոջ եւ զԻնք օգնութեան կանչած։ Եկէ՛ք, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր, Աստուծոյ մեզի տուած շնորհքները հաւատքով եւ գործով արտայայտելով հանդերձ, ապաւինինք Իր օգնութեան, Իր անունը փառաւորենք եւ անգամ մը եւս Սաղմոսի բառերով ըսենք. «Օգնէ՛ մեզի, Տէ՜ր, Քու անուանդ փառքին համար փրկէ՛ մեզ» (Սղ. 44.26)։
Բի՜ւր օրհնութիւն Ս. նահատակաց յիշատակին։
Յաւերժութի՜ւն եւ յարատեւութիւն հայ ազգին։
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
24 Ապրիլ 2020