ԵՐԵՒԱՆ,«Արմէնփրէս».- Կիպրոսի Հանրապետութիւնը կ՛աջակցի միջազգային հանրութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող ջանքերուն։ Այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ 24 Ապրիլին գրեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես։
«Այսօր կ՛ամբողջանայ 105ամեակը Հայոց Ցեղասպանութեան, որ գործադրուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Կիպրոսը կը յիշէ այդ սարսափելի ոճրագործութեան զոհերը եւ կը մեծարէ զանոնք՝ աջակցելով միջազգային հանրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն», կը յայտնէ Անասթասիատես։